Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1960-ի Ընտրական Օրէնքն Ու Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Աւելի Վատ Են, Քան` Թափուր Դրութիւնը» Ընդգծեց Քանաան

March 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ մսխումը, փտածութիւնն ու թուլամորթ ըլլալը չեն համընկնիր իշխանութեան այն նստաշրջանին, որուն խորագիրը բարեկարգում է եւ որուն տէրը նախագահ զօր. Միշել Աունն է:

Քանաան յայտնեց, որ համախմբումի երեսփոխաններն ու նախարարները խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ իրենց ըսելիքը պիտի ունենան` բարեկարգումը յաջողցնելու նպատակով:

Անդրադառնալով պետութեան նիւթական մուտքին, Քանաան հարց տուաւ, թէ արդեօք ատիկա ճիշդ ձեւով կը կատարուի՞: «Արդեօք տուրքերը ճիշդ կերպով կը հաւաքուի՞ն: Յաւելուած արժէքի տուրքի գանձումը ճի՞շդ է», հարց տուաւ ան` ընդգծելով, որ նախքան ժողովուրդին վրայ տուրքերու պարտադրումը պէտք է օրէնքը գործադրել, «եւ ինչու չէ` աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը ապահովել` պայքարելով փտածութեան դէմ», շեշտեց Քանաան:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ ընտրական օրէնքի քանի մը տարբերակ առաջարկած է, աւելցնելով, որ իրենք նախանձախնդիր են համախոհութիւն գոյացնելու:

«Իսկ մեզի համար 1960-ի ընտրական օրէնքն ու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը աւելի վատ են, քան թափուր դրութիւնը», ըսաւ ան:

Քանաան յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ առաջադրուած նախաձեռնութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ եւ իսկական կամքով սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընտրական օրէնք մը մշակուի` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Քանաան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած է նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ներառելու հեռանկարները` նկատի ունենալով, որ անիկա յաւելեալ արժէք կու տայ արտերկրի լիբանանցիին, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ անոր` ազգային հիմնական հարցերու մասին որոշումներուն մասնակից դառնալու:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շեշտէ Ուժանիւթի Մարզին Վերաբերող Ազգային Ընթացագիծ Մը Ճշդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն, Համայնքներուն Եւ Յարանուանութիւններուն Միջեւ Հաւասարութիւն Հաստատելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.