Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը

March 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

Նիստէն ետք Ֆատլալլա, ներկայութեամբ դատախազ Համմուտի, խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապօրինի հաղորդակցութեան պատճառով լիբանանեան պետութեան մէջ գումարներ մսխուած են` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը քննարկէ պետական ամավարկը, «իսկ մենք կը խօսինք պետութեան կորսնցուցած հսկայական գումարներուն մասին»:

Ֆատլալլա աւելցուց, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարին պատճառով կառավարութիւնը կորսնցուցած է 200 միլիոն տոլար, իսկ ապօրինի հեռաձայնային հաղորդակցութեան պատճառով արձանագրուած է 60 միլիոն տոլարի վնաս:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն հետապնդելու ապօրինի համացանցի թղթածրարը, մինչեւ որ վերջնական լուծումի մը կարենան յանգիլ:

Սամիր Համմուտ նշեց, որ իրենք` իբրեւ դատական իշխանութիւններ, օրինական կերպով ստանձնած են այդ թղթածրարին հետապնդումը` աւելցնելով, որ կան որոշ հարցեր, որոնք հետաքննութեան ընթացքի մէջ են, իսկ այլ հարցեր, որոնք արդէն իսկ դատարանին մօտ կը գտնուին:

«Մեզի համար կարեւոր է, որ այս թղթածրարը դատարան ներկայանայ շօշափելի եւ հիմնաւորուած փաստերով, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ դատարանին եւ վճիռներուն, ինչպէս նաեւ ձեռք ձգել պետութեան իրաւունքները», ըսաւ ան:

Համմուտ նշեց, որ «Կուկըլ քեշ»-ի թղթածրարը կը գտնուի Պէյրութի դատախազին մօտ եւ այդ իմաստով դատավարութիւնը ընթացքի մէջ է:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Ապտել Մենեմ Եուսեֆ ապօրինի համացանցի թղթածրարին մեղսակիցներէն մէկն է եւ ան երկրէն դուրս կը գտնուի: Ատուան հարց տուաւ, թէ օրին ինչպէ՞ս արգելք չեն հանդիսացած Լիբանանէն Եուսեֆի հեռացման:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազը վարչապետ Սաատ Հարիրիի հաւանութիւնը ստացած է` «Օժերօ»-ի նախկին ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆը հետապնդելու իմաստով:

 

Նախորդը

Խալիլ Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Ռիչըրտի Հետ

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պութրոս Հարպէն Կը Պահանջէ Անոր Երեսփոխան Ըլլալը Հաստատող Փաստաթուղթ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.