
Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Լիւքսամպուրկի խորհրդարանները իրենց նախագահներուն ստորագրութիւնը ընդգրկող եւ իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութեան մը մէջ կոչ ուղղեցին իրենց երկիրներուն միջեւ դաշնակցային միութիւն մը հաստատելու:
Անոնք յայտնեցին, որ ժամանակը հասած է իրենց երկիրներուն միջեւ քաղաքական յաւելեալ համարկման` պետութիւններու լայն իրաւասութիւններով դաշնակցային միութիւն ստեղծելու: «Մենք գիտենք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը բուռն դիմադրութեան պիտի արժանանայ, սակայն ոչ ոքի քայլ առնելը կրնայ բոլորին անդամալուծման պատճառ դառնալ: Անոնք, որոնք կը հաւատան եւրոպական արժէքներուն, պէտք է անոնց նոր կեանք տան, փոխանակ ձեռնածալ անոր մարումը դիտելու», կը գրեն չորս երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները:
Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն, Իտալիոյ խորհրդարանի նախագահ Լորա Փոլտրինի եւ Լիւքսամպուրկի խորհրդարանի նախագահ Մարս տի Պարթոլոմիօ` նշելով, որ այլ երկիրներ հետագային կրնան միանալ դաշնակցային միութեան:


