Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջատիրական Բողոքի Ցոյցեր . Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննել Պետական Պիւտճէի Վաւերացման Քայլերը

February 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչամեքենայի ընկերային սահմանադրական գործունէութիւնը իր բնականոն հունին վերադարձնելու ճիգերու ծիրին մէջ, կառավարութիւնը երէկ շարունակեց պետական պիւտճէի մանրամասն քննարկումը:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին պահանջատիրական բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ սկսած կառավարութեան նիստը տեւեց քանի մը ժամեր, առանց գործնական արդիւնքներու յանգելու: Արդարեւ, ժողովականները տարակարծիք էին աշխատավարձերու հատուցման որոշումին գծով: Անոնցմէ ոմանք համակարծիք էին այս մէկը ներառելու պիւտճէի թղթածրարին մէջ, մինչ ուրիշներ նպատակայարմար կը նկատեն զայն վճռել խորհրդարանի նիստին ընթացքին: Այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են (գէթ իրենց դրսեւորած կեցուածքով) քաղաքացիները, յատկապէս համեստ եկամուտով  խաւը, զերծ պահելու «ճնշիչ» տուրքերէ:

Նախքան ժողովի մեկնարկը թէ անոր աւարտէն ետք, իրենց կատարած յայտարարութիւններով նախարարները  այս տրամադրութիւնը փոխանցեցին:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար եւ ուրիշներ շեշտեցին ժողովականներու նախանձախնդրութիւնը` քաղաքացիներու պահանջներու արդար հատուցման գծով: Թղթակիցներու հարցումներուն պատասխանելով, նախարար Հասան Խալիլ  յայտնեց, թէ նախարարները տակաւին չեն հասած աշխատավարձերու քննարկման օրակարգին եւ անհաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին կարենայ ամբողջացնել կամ աւարտել պիտճէի եւ յատկապէս` աշխատավարձերու օրակարգը: Խալիլ աւելցուց, թէ այսօր, հինգշաբթի, կէսօրէ առաջ այս առնչութեամբ նախապատրաստական հանդիպումներ պիտի կայանան համապատասխան նախարարներու միջեւ:

Իր կարգին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք անհաւանական նկատեց պիտճէի օրակարգին վճռումը դահլիճի այս շաբթուան  «մարաթոն» նիստերուն: Ան աւելցուց, թէ այս քննարկումը կրնայ շարունակուիլ յառաջիկայ շաբաթ: Մաշնուք արդար ու իրաւացի նկատեց քաղաքացիներու աշխատավարձի պահանջը եւ «խոստովանեցաւ», թէ այս մէկը կարելի է լուծել` ժողովասրահէն դուրս քաղաքական քննարկումով եւ հասկացողութեան յանգելէ ետք միայն վերադառնալ անոր յատկացուած ժողովական սեղանին:

Ժողովի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար  Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, թէ քննարկումները պիտի շարունակուին այսօր, հինգշաբթի կէսօրէ ետք գումարուելիք նիստին: Նախարար Ռիաշի յայտնեց, թէ նախարարները երկար քննարկում կատարած են` «խիստ դրական եւ հասկացողական մթնոլորտի մէջ» որակելով ժողովին մթնոլորտը: «Պետութեան վիճակը հեշտ չէ», աւելցուց Ռիաշի` թելադրելով համբերատար ոգի ցուցաբերել:

Զուգահեռաբար Բողոքի Ցոյցեր` Դասադուլի Կողքին

Երբ կառավարութիւնը լծուած էր հրատապ օրակարգերու քննարկման, դահլիճէն դուրս քաղաքացիական զանազան շարժումներ համախմբուած էին` բողոքելով իրենց իրաւունքներու անտեսման եւ ձգձգման դէմ:

Արդարեւ, ընդառաջելով Աշխատաւորական համադաշնակցութեան եւ ուսուցիչներու սենտիքայի որոշումին, պետական թէ սեփական կարգ մը վարժարաններու ուսուցիչներ դասադուլի դիմեցին երէկ: Անոնք կը պահանջէին տարիներէ ի վեր կուտակուած իրենց ամսաթոշակներու սրբագրութիւնն ու հատուցումը, ըստ սղաճի յաւելումի որոշումին: Ըստ սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզի, սեփական մարզի վարժարաններու յիսուն առ հարիւր համեմատութիւնը տակաւին չէ ստացած 2012-էն ի վեր կուտակուած իրենց ամսաթոշակներու յաւելումը:

Բողոքի ցոյցերը ընդգրկեցին զանազան շրջաններ: Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհի կողքին վարձակալներու իրաւունքներու  պաշտպանութեան մարմիններն ու համակիրները բողոքի հաւաք կազմակերպեցին Թանգարանի աստիճաններուն վրայ: Նմանապէս` պետական վարչամեքենայէն ներս պայմանագրութեամբ աշխատողներ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Սայտայի մէջ:  Ցուցարարներու այլ խումբ մը համախմբուեցաւ Պէյթէտտինի պալատին առջեւ:

Միւս կողմէ Մահֆուզ երէկ երեկոյեան հերքեց այսօր եւս դասադուլի մասին շրջան ընող տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ, հինգշաբթի աշխատանքի սովորական օր է:

Նախորդը

Այցելելով Արսալի Շրջանը. Ամերիկացի Դիւանագէտ Քորքըր Շարունակեց Իր Հանդիպումները Լիբանանի Պատասխանատուներուն Հետ

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնքին Գծով Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.