Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խորհուրդը Պիտի Վերագրաւէ Իր Համարժէք Պատուանդանը (Փետրուարեան Ապստամբութեան 96-ամեակին Առիթով)

February 18, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը երկար ատենէ ի վեր չ՛ունենար համարժէք արձագանգ: Կար ժամանակ, երբ փետրուարեան խորհուրդին ամրօրէն կառչած, յատկապէս սփիւռքեան ամէնէն կազմակերպ համայնքներուն մէջ փետրուարեան այս խորհրդանշական օրը կը նշուէր, կը տօնուէր, կ՛արժեւորուէր արժանավայել կերպով, երբ մանաւանդ խորհրդային պատմաքաղաքական շրջանակները զայն նսեմացնելու եւ իրողութիւնները խեղաթիւրելու իրենց քաղաքականութեան մէջ  ապստամբութիւնը կ՛որակէին աւանդուրա (արկածախնդրութիւն):

Աւելի ուշ, երբ քաղաքական իրադարձութիւններու ելեւէջները համեմատաբար խաղաղ բնոյթ տուած էին հակախորհրդային գաղափարական պայքարին, Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը չէր արձանագրեր նոյն ուժգնութիւնը: Հայրենիքի վերանկախացումէն ետք փետրուարեան կարեւոր այս խորհուրդին նշումը սահմանափակուեցաւ ապստամբութեան ծայր առած միջավայրին` Գառնիի մէջ կայացող ձեռնարկներու շարքով եւ չգրաւեց համահայաստանեան հարթութիւն` արդէն կորսնցուցած ըլլալով իր համասփիւռքեան տարողութիւնը:

Կան խորհուրդներ, իրադարձութիւններ, որոնց նշումը պէտք չէ ազդուի քաղաքական իրադարձութիւններու ելեւէջներէն կամ նոյնիսկ գաղափարական պայքարներուն արձանագրած մակընթացութիւն-տեղատուութիւն գործընթացներէն:

Համաժողովրդային շարժումները, ապստամբութիւնները պատմական իրենց պարունակին մէջ արժեւորելը, ապստամբութիւններու գաղափարական ակունքները լոյսին բերելը եւ ազատութեան ու ազատագրութեան ձգտումին համար նահատակուելու իրականութիւնը մնայունօրէն իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելը բնական ընթացք է, գիտակցական մղում, որ չի կրնար արժեւորման ելեւէջներու ենթարկուիլ: Այս առումով ալ, եթէ չկան փետրուարեան խորհուրդին դէմ յարձակողներ` երբ չկան հիմա զայն արկածախնդրութիւն որակողներ, այդ չի նշանակեր, որ համաժողովրդային ապստամբութեան նշումը նախկին հնչեղութիւնը պէտք է կորսնցնէ: Հակազդեցութեան կարգով չէ, որ կը նշուին նման խորհուրդները:

Յուլիսեան դէպքերուն, հրապարակային քննարկումներուն լսեցինք ու կարդացինք անտեղի զուգահեռներ Էրեբունիի գործողութեան եւ Պանք Օթոմանին կամ Լիզպոնին հետ: Եղան նաեւ չհիմնաւորուած բնութագրումներ Էրեբունիի գործողութեան յաջորդած ցոյցերուն` զանոնք նկատելով ժողովրդային ապստամբութիւն: Բացակայեցաւ համեմատութիւնը Փետրուարեան ապստամբութեան հետ:

Անշուշտ անհամեմատելի է Փետրուարեան ապստամբութիւնը յուլիսեան ցոյցերուն հետ, ինչպէս անհամեմատելի էին Պանք Օթոմանն ու Լիզպոնը Էրեբունիին հետ: Սակայն Փետրուարեան ապստամբութեան չյիշատակուիլը, ոչ թէ անհամեմատելիութեան գիտակցութենէն կու գար, այլ ընդհանրապէս մարդոց մտապաստառէն բացակայելէն:

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդի ատենին բացատրութիւնը, հիմնաւորումը, դէպքերու ներկայացումը եւ օրուան պայմաններուն մէջ նախաձեռնուած շարժումին շատ արագ համաժողովրդականացումը կը համոզեն բոլորը, որ ժողովրդային ապստամբութիւնը կ՛իրականանայ արտաքին, բռնագրաւող ուժի ներկայացուցիչներուն դէմ, որոնք ամէն տեսակի բռնատիրական հալածանքներու կը ձեռնարկեն երկրի սեփական ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ:

Այժմէականացման կարգով Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը իր պատմաքաղաքական հիմնաւորումներով լոյսին բերելը հիմնովին կը նպաստէ ջրելու այս պարագային ներքին թշնամիի կերպար ստեղծելու փորձ կատարողներուն, սահմանային իրավիճակները անտեսելով ներքին լարուածութիւն ստեղծելու կոչեր հրապարակողներուն եւ ցնցումային հանգրուաններ խոստացողներուն մօտեցումները:

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդի նշումը  անհրաժեշտ է, որ վերագրաւէ իր համարժէք պատուանդանը:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Եւ Ուիզըրտծ` Յաղթական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.