Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Այցելութեանս Նպատակն Է Նախագահ Աունի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Միջեւ Համաձայնութիւնը Գործադրել» Շեշտեց Սապհան

February 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերով պատասխանատու Թամեր Սապհան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կիրակի օր ժամանած էր Պէյրութ, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Սապհան յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է նախագահ Աունի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրել:

Սապհան նախագահ Աունին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի նշանակէ Լիբանանի մէջ իր նոր դեսպանը, ինչպէս նաեւ Սէուտական օդանաւային ընկերութիւնները պիտի աւելցնեն դէպի Լիբանան իրենց թռիչքները, որպէսզի սէուտցի քաղաքացիները իրենց արձակուրդներուն ընթացքին ուղղուին Լիբանան:

Իր կարգին, նախագահ Աուն համապատասխան նախարարութիւններուն ցուցմունքներ տուաւ` Սապհանի հետ հետապնդելու երկու երկիրներուն վերաբերող հարցերը:

Սապհան Այցելեց Վարչապետարան

Սապհան այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր գրասենեակի պատասխանատու Նատեր Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քլեմանսոյի Մէջ

Սապհան այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր զաւակներուն` Թայմուր եւ Ասլան Ժոմպլաթներուն կողմէ: Ներկայ էին նաեւ կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Հարիրի Եւ Դեսպան Մկրտչեան Քննարկեցին Երկկողմանի Տնտեսական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Սքաֆը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.