Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Առանց Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Վերստանալու Լիբանանն Ու Անոր Իւրայատկութիւնը Կրնանք Կորսնցնել»

February 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանեսպուրկ քաղաքին մէջ բացումը կատարեց արտերկրի լիբանանցիներու ներուժին նուիրուած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան վերահաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի ազատական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներուն ազգային ինքնորոշման իրաւունքին:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր ցամաքամասերուն, որոնք իրենց կարգին կը զօրակցին արաբական եւ պաղեստինեան հարցերուն:

Ան նշեց, որ Լիբանան դիմագրաւած է անարդարութիւնն ու թշնամի Իսրայէլին յարձակումները` երկրին գերիշխանութեան դէմ, աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին կը դիմագրաւէ Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան հետեւանքները:

«Ինչպէս Ափրիկէի մէջ պատահեցաւ, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ ոմանք կը փորձեն բռնի ուժով մեզի պատմութենէն դուրս շպրտել` դիւրացնելու համար բռնագրաւումն ու մեր հարստութիւններուն իւրացումը, սակայն մենք տոկացինք եւ կը շարունակենք տոկալ մեր մարդկային արժէքներուն կառչած մնալով եւ բռնագրաւողները ճզմելով», ընդգծեց Պասիլ: Ան Ափրիկէի պետութենէն պահանջեց լիբանանցիները չհեռացնել այդ ցամաքամասէն` աւելցնելով, որ շատեր կը փորձեն իրենց ինքնութիւնը ձուլել»:

Պասիլ շեշտեց լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերստանալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ առանց անոր Լիբանանն ու անոր իւրայատկութիւնը կրնանք կորսնցնել:

Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած բոլոր երկիրներուն մէջ յաւելեալ արժէք են, «անոնք մեր գաղտնիքն են ու մեր գոյատեւման աղբիւրը», շեշտեց Պասիլ:

Նախարար Պասիլ յայտնեց, որ իրենք դարձեալ կը պահանջեն, որ խորհրդարանին մէջ վեց երեսփոխաններ ներկայացնեն վեց ցամաքամասերուն մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիները, աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին կը դիմագրաւէ պաղեստինցի եւ սուրիացի գաղթականներուն, ահաբեկչութեան, փտածութեան եւ տնտեսական տագնապին լուրջ հարցերը:

Պասիլ աւելցուց, որ Լիբանանի ընտրական օրէնքին մէջ արտերկրի լիբանանցիները չեն միայն, որ անիրաւուած են, այլ նաեւ` երկրին մէջ ապրող լիբանանցիները, որոնք կը տառապին ընտրական արդար օրէնքի մը չգոյութենէն:

Պասիլ ընդգծեց սակայն, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը իր խորհրդանշական կշիռը ունի լիբանանեան իշխանութեան շրջանը խոստմնալից դարձնելու համար:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կառչած Կը Մնայ Համամասնական Դրութեան

Յաջորդը

Ռիաշի Ռիչըրտի, Պուխարիի Եւ Շամիսիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.