Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Միզային Համակարգի Հիւանդութիւններ»

February 3, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան օրկաններէ, որոնք  հաւաքուելով` կը կազմեն մեր մարմինի տարբեր համակարգերը, ինչպէս` արեան, մարսողական, ջղային, նաեւ` միզային: Միզային համակարգը կարեւոր բաժին մը կը գրաւէ մարմինի ընդհանուր համակարգերու աշխատանքին ու անոնց ներդաշնակման մէջ:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութիւնը սկսաւ` նշելով, որ միզային համակարգին առնչուած են շարք մը հիւանդութիւններ, իսկ ինք պիտի ներկայացնէ յաճախ պատահողները: Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնն է անհատի մարմինէն դուրս հանել զանազան երկրորդական նկատուող, ոչ կարեւոր արտադրութիւնները:  Միզային համակարգը գլխաւորաբար ունի երեք բաժիններ` երիկամներ, միզածորաններ ու միզաման: Ամէն մէկ բաժին ունի համակարգող պարտականութիւն, յատկապէս միզամանը կ՛ամբարէ մէզը, ու երբ բաւարար լեցուի, կը պարպէ:

Ամէնէն յաճախակի պատահող հիւանդութիւններէն կարել է նշել միզային համակարգի բորբոքումը: Այս պարագային մէզը չի բորբոքիր, միզային համակարգի որեւէ մէկ բաժին կրնայ բորբոքիլ, իսկ անոր ախտանշաններն են` յաճախամիզութիւնը, այրուածքը եւ միզելու անկարողութիւնը կամ դժուարութիւնը:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, երբ ոչ մասնագիտական ու բժշկական թելադրութեամբ, նման բորբոքումի պարագային, անթիպիոթիքներու գործածութիւնը յաճախ կը յառաջացնէ դիմադրողականութիւն` անթիպիոթիքներու դէմ, որոնք բարդացնելով վիճակը` կը դժուարացնեն բժիշկին միջամտութիւնը: Այս բաժինին մէջ դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ երիկամներու բորբոքումին, որ յարաբերաբար քիչ պատահող, բայց իբրեւ հիւանդութիւն` աւելի բարդ վիճակ ստեղծող երեւոյթ է: Գլխաւոր ախտանշանը ջերմաստիճանի բարձրացումն է, իսկ երբ վիճակը աւելի զարգանայ, կրնայ բորբոքումը տարածուիլ` հասնելով արեան համակարգ:

Տոքթ. Թաշճեան բացատրեց, որ երիկամներու բորբոքման ախտանշաններն են` ջերմաստիճանի բարձրացում, սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ախտանշանները, որոնք ընդհանրապէս միզային բորբոքումներու ընթացքին կը պատահին, նաեւ` արիւնամիզութիւնը:

Միզային համակարգի բորբոքումներու մէջ կարեւոր է յիշել այրերու մօտ, տեղի ունեցող շագանակագեղձի բորբոքումը, որ կը դրսեւորուի վերոնշեալ ախտանշաններով:

Շարունակելով` տոքթ. Էլի Թաշճեան խօսեցաւ նաեւ միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակման, խիճերու գոյացման մասին: Խիճերը երիկամներու մէջ կը յառաջանան զանազան պատճառներով եւ հոն մնալով` կրնան աճիլ ու մեծնալ այնքան, որ պատճառ դառնան երիկամներու աշխատանքի կասեցման, բայց կայ նաեւ այն, որ փոքր ըլլալու պարագային ալ խիճերը կրնան շատնալ ու հասնիլ մինչեւ միզուղիները, միզամանը:

Ախտանշանները,- Յաճախ սուր ցաւեր, միզելու դժուարութիւն եւ արիւնահոսութիւն:

Բժիշկը ըսաւ, որ միզուղային խիճերը յաճախ, երբ փոքր են, կրնան մէզին հետ դուրս գալ, բայց բաւական մեծ եղած պարագային յատուկ միջոցներով պէտք է չէզոքացնել զանոնք:

Դասախօսը նաեւ կարեւորութեամբ խօսեցաւ միզային անզսպուածութեան մասին: Պատճառները` ուտելիքներն ու խմիչքը, դեղամիջոցները եւ զանազան միզային համակարգի հիւանդութիւնները:

Այս բաժինով տոքթ. Թաշճեան նշեց նաեւ միզային համակարգի ուռուցքներու մասին, որոնք որեւէ տեղ կրնան ըլլան: Այրերու պարագային յաճախ շագանակագեղձի քաղցկեղն է, որուն կը յաջորդէ միզամանի քաղցկեղը:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Յետվիրաբուժութեան Խնամք»

Յաջորդը

Գերարագ Դարուն Մէջ Գերարագ Լեզու Սորվիլ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.