Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փափազեան. «Կը Դատապարտենք Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին Որոշումը»

January 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը  կը դատապարտէ ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային ժողովի 22 դեկտեմբերին ընդունած որոշումը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ անվաւեր նկատելը: Այս մասին երէկ` 27 յունուարին, «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը կը դատապարտենք, անիկա անհիմն է, համաձայն չենք այդ որոշումին: Գիտէինք, որ վտանգ կայ, հաւանական է, որ մերժէ, ինչպէս եղաւ 2012-ին,  բայց լաւատես էինք», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով, Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը չի կրնար պատճառ դառնալ, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծաւալած պայքարը դադրեցնէ:

«Սահմանադրական խորհուրդը խնդիր տեսաւ եւ անվաւեր նկատեց  օրէնքը, բայց ատիկա մեզի չի կրնար ստիպել, որ չպայքարինք: Մենք մեր պայքարը տարբեր ձեւերով պիտի շարունակենք, բայց նախ պէտք է հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումները ազդած կրնան ըլլալ Սահմանադրական դատարանին վրայ», ըսած է Փափազեան:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը նշած է, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը ճանչնալու ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք կատարած է եւ չի կարծեր, որ 26 յունուարին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ նման որոշում տալը իրենց թերի աշխատանքին պատճառը կրնար ըլլալ:

«Ֆրանսայի հայ համայնքը արդէն աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի այս օրինագիծի ընդունման համար, իսկ վերջին տարիներուն հսկայական աշխատանք կատարուած է, որովհետեւ նախագահ Հոլլանտ իր խոստումը կ՛ուզէր կատարել: Ֆրանսացի եւ մեր իրաւաբաններուն հետ այս օրէնքին վրայ լրջօրէն աշխատած ենք, որպէսզի այս օրէնքը անցնէր, սակայն, Սահմանադրական դատարանը նման որոշում տուաւ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Ըստ ՀԱՊԿ-ի Մամլոյ Քարտուղարին. Մինչեւ 2020 ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Թեկնածուն

Յաջորդը

Պնաշյիի Մէջ. «Լիբանանեան Ուժերու Եւ Մարատայի Միջեւ Հաղորդակցութեան Յանձնախումբ Մը Կայ» Ըսաւ Ռիաշի

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.