Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ԴԱՒԻԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

October 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Յարութիւնեան

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է, որ իշխանական պատուիրակութիւնը նոր նախաձեռնութիւն մը կատարէ եւ Հայ ազգային քոնկրեսին երկխօսութիւն կատարելու առաջարկ ներկայացնէ, Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարելու նպատակով ստեղծուած իշխանական պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ երբ ընդդիմութիւնը քիչ մը սթափի եւ աւելի յստակ գիտակցի քաղաքական իրողութիւնները, այդ ժամանակ միայն իշխանութիւնը կրնայ անդրադարձ կատարել երկխօսութեան:

Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ այսօրուան իրավիճակին մէջ երկխօսութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ մէկ կողմը կը պահանջէ, որ միւս կողմը երկխօսութիւն խնդրէ:

«Մենք կը նկատենք, որ միշտ ալ կան երկխօսութեան համար նիւթեր, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրին համար: Սակայն մենք աւելին չենք պատրաստուիր խնդրել երկխօսութեան ծիրին մէջ ատիկա քննարկելու: Երկխօսութիւնը պէտք է կատարուի երկու կողմերուն գիտակցուած կամքին եւ ցանկութեան հիման վրայ, այլ ոչ թէ մէկ կողմը պէտք է գայ խնդրէ եւ միւս կողմը սկսի մտածել` արդեօք երկխօսութիւն կատարէ՞, թէ՞ ոչ: Ես կը կարծեմ, երբ այդ գիտակցութիւնը ըլլայ ընդդիմութեան մօտ, մենք կրնանք այդ տարբերակին մասին նորէն խօսիլ: Իսկ մինչ այդ, կը կարծեմ խօսիլը կանուխ է», ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան:

Յայտնենք, որ անցեալ շաբաթ իշխանական պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ պիտի վերսկսի երկխօսութեան, եթէ հայ ազգային քոնկրեսը դադրեցնէ հանրահաւաքները, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսն ալ պատասխանեց, որ իրենք պիտի քննարկեն երկխօսութեան նստելու հարցը միայն այն պարագային, երբ իշխանութիւնը իրենցմէ խնդրէ երկխօսութիւն կատարել: Աւելի՛ն. շաբաթ օր իր ունեցած ելոյթին ընթացքին Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան երկխօսութիւնը վերականգնելու կարելիութիւնը շատ քիչ նկատեց` նշելով, որ այդ երկխօսութիւնն ալ «կարծէք դադրած է այժմէական ըլլալէ: Նոյնիսկ արտակարգ նախագահական, խորհրդարանական ընտրութիւնները դադրած են այժմէական ըլլալէ: Այս օրէն սկսեալ մեր գլխաւոր, հիմնական, միակ կարգախօսը պիտի ըլլայ Սերժ Սարգսեանի անյապաղ հրաժարականը»:

Արձագանգելով Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավարին այս յայտարարութեան` Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ ինք համաձայն է քոնկրեսին հետ, որ արտակարգ եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները այժմէական չեն: Ինչ կը վերաբերի քոնկրեսի նոր պահանջին` Սերժ Սարգսեանի անյապաղ հրաժարականին, ապա, ըստ Դ. Յարութիւնեանի, ատիկա նոյնպէս այժմէական չէ:

 

Նախորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒՈՎ ՉԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԱԼԻԵՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ` ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.