Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռիշայի Հարցը Պիտի Հետապնդենք, Եւ Ապահովութեան Ուժերը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնեն Զայն Ապահով Վերադարձնելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց հիւսիսային Պեքաայի մէկ պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի եւ մարոնի համայնքի Պաալպեք-Տէյր Ահմար շրջանի առաջնորդ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոսին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացի Սաատ Ռիշայի առեւանգումին հարցը ինք անձամբ կը հետապնդէ` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն անոր գտնուած վայրը բացայայտելու եւ զայն ապահով տուն դարձնելու նպատակով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերը զօրաշարժի ենթարկուած են, եւ անոնց պարտականութիւնն է Ռիշան ազատ արձակել:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Զահլէի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց երկրին եւ շրջանին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը նուէր մըն է Պեքաայի բնակիչներուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ խաղաղութեան պահպանման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Քասեմ Ուէյնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին հետ անոնց գործակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն 13 փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Եգիպտոս:

Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նախագահ Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն ընդառաջէ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հրաւէրին` Արաբական լիկային մէջ խօսք մը արտասանելու իմաստով:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա – Ֆրենժիէ Հանդիպում

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Ապուլ Ղէյթ Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.