
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը` դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան:
ՀՄԸՄ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` 82-55 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին (18-14, 42-30, 52-49 եւ 82-55):
ՀՄԸՄ քիչ մը ուշացումով սկսաւ մրցումը` նկատի ունենալով, որ Շանվիլ առաջին 5 վայրկեանին նշանակեց 12 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ` 2: Սակայն երկրորդ 5 վայրկեանին ՀՄԸՄ նշանակեց 16 կէտ, մինչ հիւր կազմը` 2:
ՀՄԸՄ հետզհետէ սկսաւ մրցումին ղեկը իր ձեռքին մէջ առնել եւ Ա. կիսախաղը աւարտեց 12 կէտի առաւելութեամբ (42-30):
Երրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ նշանակեց 10 կէտ, մինչ Շանվիլ` 19:
Սակայն վերջին քորթըրին, ՀՄԸՄ ամբողջութեամբ տիրապետելով կացութեան նշանակեց 20 կէտ` փոխան 6-ին, այսպիսով տանելով վերջնական յաղթանակը եւ հանդիսանալով երթի ախոյեան (8 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Քեւին Կալոուէյ կատարեց տապըլ-տապըլ:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 52 ռիպաունտ եւ կատարեց 19 էսիսթ, մինչ Շանվիլ` 37 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:
ՀՄԸՄ 25 թրի փոյնթերէն 9-ն հասցուց իրենց նպատակին, մինչ Շանվիլ` 32-էն 6-ը:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ անոնց դաշտ ներկայացուցած ժամանակը.
Նետիմ Սուէյտ (3’56”), Աթեր Մաճոք (32’39”, 6 կէտ, 11 ռիպաունտ) Էլի Շամուն (8’59”, 9 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (2’05”), Քարամ Մըշրեֆ (12’48”) Քեւին Կալոուէյ (34’23”, 4 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), Ֆատի Խաթիպ (36’56”, 26 կէտ, 8 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Հայկ Կէօքճեան (28’40” 11 կէտ, 9 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ) եւ Տուայն Ճեքսըն (39’33”, 32 կէտ, 8 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ):
Շանվիլէն Թոմաս Պրենտըն նշանակեց 21 կէտ, Փաթրիք Ռեմպըրթ` 14, իսկ Տարիան Թաունզ` 12:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Փոլ Սքայեմ եւ Ռապիհ Մասրի:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Թատամոնը, իսկ վաղը` երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սաժես-Ռիատին` առանց վերջինիս համակիրներուն:


