Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատի Մէջ. Լիբանանցի Նախարարներ Հանդիպումներ Կ՛ունենան Իրենց Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմող նախարարները, անկախ նախագահին հանդիպումներու օրակարգէն, տեսակցութիւններ ունեցան իրենց սէուտցի պաշտօնակիցներուն հետ:

basil_joubeyr_11017

Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ատել Ժուպէյրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Ժուպէյր ողջունեց նախագահ Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը` շեշտելով, որ իրենք կը ջանան Լիբանանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ դարձնել:

Ժուպէյր յայտնեց, որ Ռիատ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները մօտիկ ապագային կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը:

Ժուպէյր ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ մտերմութիւնը պահպանուած է` աւելցնելով, որ Ռիատ կը փափաքի Լիբանանը ամէն տեսակի միջամտութիւններէ զերծ տեսնել: «Կարեւորը այն է, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանուին», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց նախկին վիճակին, մաղթելով, որ անոնք յաւելեալ ամրապնդուածութեամբ շարունակուին: «Լիբանան հիւրընկալ երկիր է իր քաղաքացիներուն եւ բարեկամներուն, որոնց շարքին գլխաւորաբար` սէուտցիներուն», ըսաւ ան:

riachi_tarifi_11017

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ատել Թարիֆիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

Հանդիպումին լոյսին տակ Ռիաշի յայտնեց, որ Թարիֆիի հետ իր քննարկումները յուսադրիչ են` լիբանանեան-սէուտական գործակցութիւնը ընդարձակելու իմաստով:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժըտաանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներդրումային թղթածրարներ, յատկապէս լիբանանեան սեփական մարզին մէջ կատարուելիք սէուտական ներդրումներուն վերաբերող հարցեր:

Հասան Խալիլ նշեց, որ Ժըտաանի հետ քննարկած է նաեւ կրկնակի տուրքերու ջնջումին կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանին զօրակցելու առումով սէուտցիներուն պատրաստակամութիւնը յստակ է ու շօշափելի:

hamade_education_11017

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախագահ Աունի կողմէ Սէուտական Արաբիա կատարուած այցելութեան իբրեւ արդիւնք երկկողմանի յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ պիտի բարելաւուին:

Ան նշեց, որ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ահմետ Իսայի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին որոշուած է կրթական-ուսումնական մարզին վերաբերող համաձայնութիւն մը ստորագրել Պէյրութի մէջ:

Համատէ նշեց, որ քննարկած են նաեւ Լիբանանեան համալսարանին եւ սէուտական համալսարաններուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Իր կարգին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հանդիպում մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` ներդրումի եւ առեւտուրի նախարար Մաթետ Քասպիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկախ մնացած հարցերը լուծուած են, յատկապէս Սէուտական Արաբիա արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն հարցը:

Ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին յանձնախումբ մը կազմուած է` հետապնդելու համար առկախ մնացած բոլոր հարցերը:

Նախորդը

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը

Յաջորդը

«Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Բարգաւաճում, Իսկ Ազգային Շահերը Ապահովելու Առումով Տարակարծութիւններ Չկան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.