Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Բանակցային Հոլովոյթը Կրնայ Փոխուիլ, Եթէ Արցախը Միաւորուի Հայաստանի Հետ»

January 10, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

babayan_10917

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ամփոփելով 2016 թուականը, նշած է, որ 1994-էն ետք անցնող տարին ամէնէն բարդ ու դժուար տարին եղած է:

«Թշնամին փորձեց պարզապէս վերջ տալ Արցախի պետականութեան, այս եղած է անոր բուն նպատակը, սակայն ձախողած է: Ես կը կարծեմ` հակառակ անոր որ 2016-ը եղած է բաւական ողբերգական տարի, բայց նաեւ եղած են մեծ յաղթանակներ: Մենք ունեցանք անդառնալի կորուստներ, եւ ամէնէն վատ, ամէնէն ողբերգական էջն է մեր ժողովուրդին, երկրին, զոհուածներու հարազատներու ընտանեկան պատմութեան մէջ, որովհետեւ մենք այդ կորուստները երբեք չենք կրնար վերականգնել: Նիւթական կորուստները եւ այլն կը վերականգնին, բայց յանուն հայրենիքի մարդկային կորուստները անդառնալի են: Միեւնոյն ժամանակ, մենք յաղթանակ տօնեցինք. այդ մարդիկը, զոհուելով, այնուամենայնիւ, կը շարունակեն ծառայել մեր ժողովուրդի եւ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ, որովհետեւ կ՛ոգեւորեն մեր զինուորները,  օրինակ կը հանդիսանան անոնց», ըսած է Բաբայեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան պատերազմի սկսած է իբր թէ լիովին «հաշուարկելով» հայկական կողմին կարողականութիւնը: «Իր առումով` մեզ «հաշուարկած» էր, բայց թերագնահատած էր, չէր պատկերացուցած, որ  հայութիւնը կրնայ համախմբուիլ: Մտածած են, որ նոր սերունդ է, որ ընկերային ցանցերու սերունդ է, որ կայ անջրպետ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին միջեւ, պատկերացուցած է, թէ կայ ատելութիւն պետութեան նկատմամբ: 2016 թուականը հիմնականին մէջ  ապրիլեան պատերազմին հետ կապուած է, եւ ապրիլեան դէպքերը ցոյց տուին, որ մենք արժանի ենք ապրելու եւ ի վիճակի ենք ապրելու, գոյատեւելու մեր տարածքին մէջ», դիտել տուած է Բաբայեան` աւելցնելով, որ նախորդ տարին յատկանշուեցաւ նաեւ այլ իրադարձութիւններով. «Եղած են նաեւ այլ զարգացումներ` տնտեսական տարբեր ծրագիրներու իրականացում, ինքնաբաւ ելեկտրականութեան  արտադրութիւն,  հացահատիկի աննախադէպ բերք եղած է, ճանապարհային ծրագիրներ, ուժեղացած է պաշտպանական համակարգը: Նշենք, որ կան բազմաթիւ խնդիրներ. պէտք է Թալիշը վերականգնուի»:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ 2017 թուականին ակնկալուող սահմանադրական բարեփոխումներուն` մամլոյ բանբերը ըսած է, որ ներքին փոփոխութիւնները չեն կրնար անդրադարձ ունենալ արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

«Երբ բանակցային հոլովոյթը ընթացքի մէջ էր, տակաւին 1992 թուականէն Արցախը կը մասնակցէր այդ բոլորին, այդ ժամանակ տեղի ունեցած էր կառավարման ձեւի փոփոխութիւնը, Արցախը խորհրդարանական կառավարման համակարգէն անցած էր կիսանախագահականին: Սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք պէտք է տեղի ունենան, չեն փոխեր Ղարաբաղի բանակցային հոլովոյթին մասնակցելու կարգավիճակը: Բանակցային հոլովոյթը կրնայ փոխուիլ միայն, եթէ պետականութիւնը վերափոխուի, վերամիաւորում տեղի ունենայ մայր Հայաստանի հետ», շեշտած է ան:

Բաբայեան նշած է նաեւ, որ որոշ փոփոխութիւններ նկատելի են միջազգային հանրութեան պահուածքին մէջ:

 

Նախորդը

Ջաւախքի Դպրոցներուն Մէջ Առկայ Հարցերու Լուծման Համար Պիտի Կազմուի Աշխատանքային Խումբ

Յաջորդը

Ռէալի Նախկին Մարզիչը Լքեց Իրանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.