Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի Դպրոցներուն Մէջ Առկայ Հարցերու Լուծման Համար Պիտի Կազմուի Աշխատանքային Խումբ

January 10, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_10917

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ տօներէն ետք Հայաստանի եւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ յուշագիր պիտի ստորագրուի` կրթութեան մարզին մէջ ջաւախահայութեան բարձրացուցած խնդիրները լուծելու համար աշխատանքային խումբ ձեւաւորելու վերաբերեալ:

Ան նաեւ նշած է, որ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանտր Ճեճելաւայի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ձեւաւորելու երկու երկիրներու ներկայացուցիչներէ կազմուած երեք աշխատանքային խումբ` հանրակրթութեան, միջին  մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան ու գիտութեան:

«Հանրակրթութեան մէջ մենք պայմանաւորուած ենք դասագիրքերու խնդիրը լուծելու, եւ այդ հոլովոյթին մէջ մեր մասնագէտները իրենց ծրագիրներով կը մասնակցին հայալեզու դասագիրքերու ձեւաւորման, եւ պիտի փորձենք լուծումներ գտնել բոլոր այն խնդիրներուն, որոնք ջաւախահայութիւնը կը մտահոգեն: Ես զգացի, որ Վրաստանի նախարարը պատրաստակամ է եւ մեծ ցանկութիւն ունի այդ հարցերուն  լուծում տալու: Կը կարծեմ,որ  տօներէն ետք կը ստորագրենք յուշագիրը», յայտնած է ան:

Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ Ջաւախքի դպրոցներուն մէջ հիմնականօրէն կան մեթոտական խնդիրներ:

Աւելի կանուխ «Նիուզ»-ը տեղեկացած էր, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան սեպտեմբերին Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանտր Ճեճելաւայի հետ քննարկած է Ջաւախքի հայկական դպրոցներուն մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներ:

«Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Վիրք» կուսակցութեան համանախագահ Դաւիթ Ռստակեան նշած էր, որ Ջաւախքի հայկական դպրոցները հետզհետէ կը վրացականացուին: Ըստ անոր, հայկական դպրոցներուն խնդիրներէն լրջագոյնը ինքնին Ջաւախքի հայկական դպրոցներուն մէջ կրթութեան դասաւանդման լեզուն վրացերէնով կատարելու վերաբերեալ օրէնքի ընդունումն է, նաեւ կան ուսուցիչներու վերապատրաստման, տարբեր նիւթերու դասաւանդման մեթոտներու, հայկական դասագիրքերու ձեռքբերման, դպրոցներու տարրական պայմաններու ապահովման խնդիրներ:

 

Նախորդը

Տարածքային Կառավարման Նախարարութեան Մէջ Նոր Կեդրոն Պիտի Բացուի

Յաջորդը

Բաբայեան. «Բանակցային Հոլովոյթը Կրնայ Փոխուիլ, Եթէ Արցախը Միաւորուի Հայաստանի Հետ»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.