Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ Ընթացք Առաւ Միջկիպրական Բանակցութիւններու Նոր Փուլը

January 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

un_geneva_10917

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ Ժընեւի մէջ երէկ սկսած է Կիպրոսի վերամիաւորման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլը, որուն կը մասնակցին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ կիպրացի թուրքերու ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճը: Բանակցութիւնները վերսկսած են 2016-ի աշնան համաձայնութիւն գոյացնելու փորձի ձախողումէն ետք:

Համայնքներու երկու ղեկավարները 9 յունուարի առաւօտեան հասան ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կիպրական խնդիրի լուծման հարցերով յատուկ խորհրդական Էսփեն Պարթ Էյտէի ուղեկցութեամբ: Զանոնք ընդունած է ՄԱԿ-ի Ժընեւեան կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Մէօլլըր:

Բանակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 11 յունուար, իսկ 12 յունուարին կը ծրագրուի կատարել միջազգային խորհրդաժողով երեք երաշխաւոր երկիրներու` Յունաստանի, Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեամբ: Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր:

Բանակցութիւններուն նպատակն է վերջ դնել կղզիի բաժանման: Կղզին բաժնուած էր 1974-ին` Թուրքիոյ բանակին ներխուժումէն ետք:

Երկամեայ ընդմիջումէն ետք Կիպրոսի վերամիացման շուրջ քննարկումները վերսկսած են փետրուար 2014-ին: Սակայն նոյեմբեր 2016-ին Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած փուլին, հակառակ բոլոր ջանքերուն, երկու համայնքներու ղեկավարները չկրցան համաձայնութեան հասնիլ տարածքային կարգաւորման հարցին շուրջ, ինչ որ պիտի արտօնէր անցնիլ բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Հրասայլերու Շարասիւն Մը Գերմանիայէն Կը Փոխադրեն Ռուսիոյ Հետ Սահման

Յաջորդը

«Կա՛մ Իրաքը Եւ Փեշմերկաները ՔԱԿ-ը Պիտի Հեռացնեն Սինճարէն, Կա՛մ Ալ Թուրքիան Պիտի Դիմէ Անհրաժեշտ Քայլերու» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.