Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարոյականութեան Անյարիր Երեւոյթներ Հայրենական Մամուլի Մէջ

December 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

aharon_123016

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Մեծն Բրիտանիոյ նշանաւոր վարչապետ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ մամուլի ազատութեան մասին խօսելով, կ՛ըսէ. «Բոլորը  կը պաշտպանեն ազատ խօսքը: Օր չ՛անցնիր առանց ազատ խօսքի  գովաբանութեան, սակայն ոմանք խօսքի ազատութիւնը հետեւեալ կերպ կ՛ընկալեն. իրենք ազատ են ըսելու այն, ինչ որ կը ցանկան, բայց եթէ  ոեւէ մէկը ի պատասխան տարբեր բան արտայայտէ, այդ մէկը արդէն օրինախախտում է…»:

Լրագրողի մը առաքելութեան գլխաւոր   կարգախօսը ճշմարտութիւնն է, այսինքն`  ճշգրիտ  ըլլալ: Տեղեկատուութիւնը պիտի չդառնայ  մոլորեցնող, կամ աղաւաղուած պիտի չներկայացուի: Լրագրողը երբեք պէտք չէ միտումնաւոր կեղծիք հրապարակէ:

Դժբախտաբար, ինչպէս` կարգ մը երկիրներու պարագային, Հայաստանի մէջ եւս  որոշ լրագրողներ համացանցային կայքերու եւ  լսատեսողական տարբեր ցանցերու վրայ չարաչար կը խախտեն խօսքի եւ կարծիքի  ազատութեան սկզբունքը, համացանցի  հասանելիութենէն օգտուելով` աժան, աղբիւրէ զուրկ, չհիմնաւորուած  քարոզչութիւն  կը տարածեն  հասարակութեան մէջ:

Լրագրողը պարտի ըլլալ անաչառ:

Ոչ ոք կարելի է դատապարտել կարծիքի ազատութեան համար, բայց կեղծիքի` այո՛: Բազմաթիւ կայքեր անհատական կարծիքի եւ  անհիմն պնդումներու խառնարան ստեղծած են Հայաստանի մէջ:

Հասարակութեան առջեւ իշխանութիւնը  հաշուետու դարձնելը լրագրողի աշխատանքին կարեւոր մասն է, բայց` ապացոյցներու վրայ յենելով միայն, որովհետեւ իրաւական եւ բարոյական տեսանկիւնէն դիտելով` լրատուական ցանցերը նոյնպէս հաշուետու կը մնան իրենց հաղորդած տեղեկութիւններուն համար: Մամուլի ազատութիւնը կարգախօս չէ միայն:

Ճիշդ է, որ համացանցը իր բոլոր նորարարութիւններուն կողքին ստեղծած է իրաւական բազմաթիւ բարդոյթներ, բայց հիմնական սկզբունքները կը մնան անփոփոխ. հեղինակը   պատասխանատու կը մնայ իր  յայտարարութիւններուն եւ քննադատութիւններուն:  Այսօրինակ «հեղինակութիւններ» որքան ալ անձեռնմխելիութեան իրաւունք վայելեն, իրենց յայտարարութիւններուն պատճառով  ենթակայ պիտի ըլլան դատական հետապնդման եւ նոյնիսկ պիտի պատժուին: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արժանապատուութիւն վիրաւորելը կամ անհատի  բարոյականութեան դպչիլը,  իրաւացի  ըլլալով հանդերձ, ընդունուած է իբրեւ իրաւական խախտում կամ յանցագործութիւն:

Համացանցը, Դիմատետրը  եւ այլ  լսատեսողական միջոցներ սխալելու կամ բարոյական չափանիշները ոտնակոխելու արտօնութիւն չեն շնորհեր  լրագրողին: Ընդհակառակը, իրաւական  չափորոշիչները  լրագրողը պիտի մղեն նախանձախնդիր մնալու իր աշխատանքին եւ  առաքելութեան: Լրագրողը պիտի գիտակցի, թէ իր   որոշումները կրնան ծանր ազդեցութիւն ունենալ   մարդոց եւ հասարակութեան վրայ:

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ զրպարտանքի համար ներկայացուող  բողոքը կը քննուի իբրեւ քրէական հայց:  Զրպարտանքի պատճառով  յարուցուող հայցերը  դուրս կը մնան մամլոյ ազատութեան սկզբունքներէն, ընդհակառակը, լրագրողը կամ  անհատը պատասխանատուութեան առջեւ կը դնեն հասարակութիւնը ապատեղեկացնելու  յանցանքով:

Մամլոյ ազատութիւնը եւ լրագրողի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը իրեն հետ կը բերէ   պարտաւորութիւններ: Լրագրողը իրաւունք չունի  կամայական պատճառներու ազդեցութեան տակ, սխալ յայտարարութիւններով, կանխամտածուած զրպարտանքներով ոտնահարելու այլոց վարկն ու հեղինակութիւնը: Կեղծ, ստապատիր  յայտարարութիւնները անյարիր եւ խորթ կը մնան  մամլոյ ազատութեան սկզբունքներուն:

Լրագրողին վերապահուած է  իրադարձութիւնները անաչառ ներկայացնելու դերակատարութիւն: Ճիշդ այս պատճառով արեւմտեան  երկիրներու մէջ օրէնսդիր կառոյցներ լրագրողներէն կը պահանջեն  տարանջատել իրականութիւնը եւ կարծիքը: Լրագրողին բարոյականութիւնը կը պարտադրէ զգուշօրէն վերաբերիլ տեղեկատուութեան հետ: Ընթերցողին կամ ունկնդիրին հասցնել մաքուր, անաչառ եւ ապացուցուած տեղեկատուութիւն: Կարծիքի արտայայտութիւնը ազատ է, բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւոր` ապացոյցը: Կարծիքի ձեւաւորումը  պէտք չէ զուրկ ըլլայ լրագրողական բարեխղճութենէն, արժանապատուութենէն եւ  հաւասարակշռուածութենէն:

Ինչ կը վերաբերի մեկնաբանութեան եղանակին, ապացոյցի եւ կարծիքի ազատութեան միջեւ տարակարծութիւնները պատճառ պէտք չէ դառնան  հարուածելու տուեալ լրատուութեան առարկայականութիւնը:

Լրագրական ամենակարեւոր սկզբունքներէն  մէկը` անաչառութիւնը, խախտած է Հայաստանի մէջ: Լրագրողը  փաստերու միջոցով պարտի  բացայայտել ճշմարտութիւնը: Հայաստանի մէջ այսօր  լայն տարածում գտած է «գայթակղիչ»  լրագրութիւնը, այսինքն` լրագրութիւն, որուն հիմքն է կիրքը, գաղափարական սահմանումը, պատահականութիւնը, գռեհկութիւնը  եւ փողոցային խօսակցութիւնը… Խախտած է մամուլի ազատութեան սկզբունքը, ուր ընթերցողին կը զլացուին  ապացոյցը, իրականութեան վրայ դատողութիւն եւ եզրակացութիւն քաղելու միջոցները: Բացակայ են մասնագիտական  բարոյականութեան չափանիշները:

Այդպիսի խարդախուած, խեղաթիւրուած  տեղեկութիւններ կրնան ազդել ունկնդիրի եւ  ընթերցողի հոգեբանութեան վրայ: Արտայայտել սեփական տեսակէտները, սակայն նախապայման է, որ անոնք հիմնուած ըլլան ճշմարտութեան եւ անաչառ տեղեկութիւններու վրայ:

 

Նախորդը

Գռեհկութիւնը Ազատութիւն Չէ

Յաջորդը

Մերժելով Խուլիկանական Տեղեկատուութիւնը Հարցազրոյց Շահան Գանտահարեանի Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.