Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Կառավարութիւնը 87 Թեր Քուէներով Ապահովեց Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն

December 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_cabinet_122816

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանին մէջ շարունակուեցաւ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու նիստը, որմէ բացակայեցան 34 երեսփոխաններ:

Ներկայ գտնուած 92 երեսփոխաններուն քուէները բաժնուեցան հետեւեալ կերպով. Հարիրիի կառավարութեան ի նպաստ 87 թեր քուէ, չորս դէմ քուէ եւ մէկ ձեռնպահ:

Հարիրիի կառավարութեան դէմ քուէարկած չորս երեսփոխաններն էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ, Սամեր Սաատէ եւ Խալետ Տահեր, իսկ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ ձեռնպահ մնաց:

Նիստին ընթացքին Պըրրի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, իսկ նախարարաց խորհուրդը ընդունեց շնորհաւորութիւններ:

Նշենք, որ նախքան քուէարկութիւնը, վարչապետ Հարիրի կատարեց կառավարութեան պաշտպանողականը, որուն մէջ ան ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը` գնահատելով անոնց զոհողութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի հետապնդէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:

Հարիրի շեշտեց, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ զէնքի վերաբերող հարցերուն քննարկումը պիտի կատարուի երկխօսութեան ընդմէջէն:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Հարիրի ըսաւ, որ այդ օրէնքին շուրջ բաւական տարակարծութիւն կայ, աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կառչած կը մնան ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումին:

Հարիրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքին մէջ կնոջ ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին շուրջ բոլորը համաձայն են` աւելցնելով, որ նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին ոչ ոք դէմ արտայայտուած է այդ առնչութեամբ:

Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ յանձնառութիւն ցուցաբերուեցաւ` ընդգծելով, որ դատական իշխանութիւններուն անկախութեան պէտք է հսկել եւ զայն միջամտութիւններէ զերծ պահել, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարիլ:

Հարիրի շեշտեց, որ քարիւղի հանքերու պեղման օրէնքներն ու գործառնութիւնները պէտք է կառավարութեան կողմէ ճշդուին:

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովական Կառոյցները Հայրենիքին Հիմքերն Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Լիբանան Հասած Է 250 Հազար Զբօսաշրջիկ» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.