
«Ֆութպոլ Էսփանիա» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` ձեռք ձգելու համար Չելսիի բերդապահ Տիպօ Քուրթուան:
Մինչ պելճիքացի բերդապահին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին, իսկ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմը լրջօրէն կ՛աշխատի այս հարցին վրայ, անդին այս գծով Չելսի ոչինչ կը յայտարարէ:


