Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի Նոր Նշանակուած Համանախագահը Այցելեց Նախագահին Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարին

December 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sargsyan_osce_121416

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 դեկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նոր նշանակուած համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին, որ աւելի ուշ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Նախագահը իր շնորհաւորութիւնը յայտնած է` յաջողութիւն մաղթելով դիւանագիտական կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման մէջ: Ան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջնորդական ջանքերը տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի եզրերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան լուծելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան կառուցողական հունով եւ ընդգծած, որ Հայաստան պատրաստակամ է շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ այդ նպատակով ջանքեր ի գործ դնել:

Ֆրանսացի համանախագահը Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ջերմ ողջոյնները եւ հաստատած, որ նոր պաշտօնին վրայ պիտի աշխատի ջանասիրաբար` բոլոր դժուարութիւնները եւ խնդիրի կարեւորութիւնը գիտակցելով, քանի որ անիկա կը վերաբերի ամբողջ շրջանի կայունութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման:

Նախարար Նալբանդեանի հետ եւս Սթեֆան Վիսքոնթի հանգամանալից կերպով քննարկած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչուող հարցեր: Էդուարդ Նալբանդեան շեշտած է, որ բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու համար հրամայական է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու անշեղ գործադրութիւնը: Այս առումով կարեւոր նկատուած է Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը:

Նախորդը

«1000 Դրամ» Նախագիծը Երկրորդ Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.