Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուիքիլիքս» Գաղտնազերծած Է Էրտողանի Փեսային` Հայաստանի Վերաբերող Նամակագրութիւնը

December 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

albayrak_121016

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ամէնէն հաւատարիմ գործակիցներէն մէկը հանդիսացող անոր փեսային` Պերաթ Ալպայրաքի համացանցային նամակագրութիւնը թիրախ հանդիսացած է գաղտնազերծումներով զբաղող «Ուիքիլիքս»-ին համար:

Նշենք, որ Ալպայրաք 2015-էն ի վեր, երկրի ուժանիւթի նախարարի պաշտօնը կը վարէ:

Ալպայրաքի բացայայտուած 57 հազար նամակներուն մէջ ամէնէն հինը կու գայ 2000 թուականէն, իսկ վերջինը գրուած է այս տարուան ամրան:

Նամակներէն մօտաւորապէս 150-ը կ՛առնչուի Հայաստանին եւ հայերուն:

Արդարեւ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն քանի մը օր ետք, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն ուղարկուած նամակով, Ալպայրաք մանրամասնօրէն ներկայացուցած է կուսակցութեան ղեկավար անդամներէն մէկուն` ներկայիս Եւրոպական Միութեան հետ կապերու գծով պետական նախարար Էօմեր Չելիքի տեսակէտը` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ, ընդգծելով թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:

2014-ի մայիսին գրուած վերլուծական գրութեան մը մէջ, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանի անձնակազմին մէջ գործող «Համաշխարհային խնդիրներու հարթակ»-ի փորձագէտները, Էրտողանի փեսային մանրամասնօրէն տեղեկացուցած են իրանական կազը եւրոպական շուկայ արտահանելու հեռանկարներուն մասին` յատուկ յիշատակելով նաեւ Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով երթուղին:

Ուշագրաւ է նաեւ նոյեմբեր 2013-ին, Նիւ Եորք բնակող թուրք գործիչի մը կողմէ Ալպայրաքին եւ Էրտողանի զաւկին` Պիլալին ուղարկուած նամակը, որուն մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ այդ ժամանակաշրջանի ամէնէն ազդեցիկ քրտական քաղաքական ուժին` Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներուն եւ Ուաշինկթընի հայկական կառոյցներուն միջեւ հանդիպումներու մանրամասնութիւնները: Այս նամակին վերնագիրն է` «Դաշնակներուն եւ Խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան-Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին»: Նամակին կցուած է չորս լուսանկար, որոնց մէջ պատկերուած են Թուրքիոյ ամէնէն յայտնի քիւրտ գործիչներէն Սալահեթթին Տեմիրթաշը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարները:

Նամակներուն մէջ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ Ալպայրաք կապ ունէր Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի իրագործած քարիւղի արտածումներուն հետ, որոնք հարստացուցած են ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը` զայն աւելի մահացու դարձնելով:

Նշենք, որ մինչ թրքական մամուլը ցարդ գրեթէ լուռ կը մնայ Ալպայրաքի նամակագրութեան գաղտնազերծման հարցով, միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է անոր: Օրինակ` «Ֆորէյն Փոլիսի» հանդէսը կը գրէ, որ «եթէ հրապարակուած նամակներուն տեղեկութեանց ճշմարտացի ըլլալը հաստատուի, ապա այս բացայայտումը Պերաթ Ալպայրաքի համար լուրջ գլխացաւ պիտի դառնայ»` ակնարկելով յատկապէս Ալպայրաքի ուղղակի առնչութեան` ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն քարիւղի գնումներ իրականացնող «Փաուըրթրենզ» ընկերութեան հետ: «Երբ 2015 թուականի վերջաւորութեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անթոնով նման մեղադրանքներ ուղղեց Էրտողանին Եւ անոր ընտանիքի անդամներուն, ուժանիւթի մարզի փորձագէտները այդ պնդումներուն նկատմամբ վստահութիւն չցուցաբերեցին», կը յիշեցնէ թերթը:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Դէտերու Տեղակայման Վայրին Շուրջ Տակաւին Համախոհութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.