Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 7, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԻՏԻՈՖ ՆԱՆՍԵՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Հայրենակից մը վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրատարակած էր նամակ մը, որով կը թելադրէր մասնաւոր նամակադրոշմ մը հրապարակ հանել այս տարի Ամերիկայի թղթատարական սպասարկութեան կողմէ, ի յիշատակ նորվեկիացի անուանի մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի, որուն ծննդեան հարիւրամեակն է այս տարի, հոկտեմբեր 10-ին:

Նորվեկիոյ մէկ բարեսիրական միութիւնը նախաձեռնարկ եղած է այս հարիւրամեակին, եւ` որոշած, ի յիշատակ Նանսենի, հայկական ծերանոց մը հաստատել Սելանիկի մէջ, Յունաստան:

Ապահովաբար, հայ ժողովուրդը եւս յարգանքի ցոյցեր պիտի կազմակերպէ` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով այն արտասովոր անձնաւորութեան, որ մեր պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ շրջանին քաղաքակիրթ մարդկութեան խիղճը  կը ներկայացնէր մեր մէջ:

Իր յիշատակը մեր ժողովուրդին մէջ կ՛արթնցնէ տրտում արձագանգներ անցեալ թշուառ կեանքի մը, որ այնքան տառապանք պատճառեց: Ու մինչեւ այսօր, տարբեր ձեւով մը, կը շարունակուի` «սպիտակ ջարդի» ողբերգութեամբ:

Իբրեւ բարձր յանձնակատար նախկին Ազգերու դաշնակցութեան գաղթականաց պաշտօնատան Ֆ. Նանսեն իր մարդասիրական թանկագին աշխատանքները նուիրեց մասնաւորաբար հայ եւ ռուս գաղթականներուն: Իր անունով անցագիր եւ տեսակ մըն ալ «քաղաքացիութիւն» շնորհուեցան հայքաթլոս (հայրենազուրկ) որակում ծանօթ բազմութեանց:

Անզօր «իշխանութիւն» մը ունէր, որ տեղ մը գթութիւն եւ ուրիշ տեղ բարոյական հեղինակութիւն փորձելով` կը ջանար մեղմել անմեղմելին. հայրենիքի պաշտպանութենէն զուրկ մարդուն դժբախտութիւնը:

Նանսեն մօտէն հետեւեցաւ հայ կեանքին, ուսումնասիրեց մանաւանդ Ա. Համաշխարհային պատերազմին եւ անկէ ետք հայութեան ենթարկուած ողբերգութիւնը: Մարդկայնական լուրջ, ազնուական  շունչով նկարագրեց մեր ժամանակակից կեանքին պատմական անցքերը` իր «Մերձաւոր Արեւելք եւ Հայաստան» պատկառելի գործին մէջ, որ հսկայ վկայութիւն մըն է, որքան մեր թշուառութեան, նոյնքան եւ պատասխանատու պետութեանց շահախնդիր, անխիղճ վերաբերումին, հայ ժողովուրդին դառն բախտին հանդէպ:

Ֆրիտեոֆ Նանսենի հարիւրամեակը պիտի յարգուի հանդէսներով, ծերանոցով, նամակադրոշմով, կամ այլ յիշատակարաններով: Մեծագոյն յարգանքը սակայն այս զմայլելի մարդասէրին յիշատակին հանդէպ պիտի ըլլար վերջ տալ այն բոլոր եղերական պատճառներուն, որոնք հայրենազուրկ կը դարձնեն ժողովուրդները եւ ապա կը դատապարտեն զանոնք օտարութեան մէջ դանդաղ մահացման` իբրեւ ազգ…

ԳԻՍԱՒՈՐ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՐՄԱՒ

Մեծ քանակութեամբ շաքար, երկաթ եւ այլ սննդանիւթեր պարունակող պարունակող այս հրաշալի պտուղին հայրենիքը կը նկատուի Միջին Արեւելքը, յատկապէս արաբական երկիրները: Անիկա տարուած է նաեւ Վրաստան, Ազրպէյճան, Խրիմ, Կեդրոնական Ասիա, Չինաստան, Քորէա, Ճափոն եւ այլ մերձարեւադարձային երկիրներ:

Հակառակ Հայաստանի կարգ մը շրջաններու այս պտուղին համար ունեցած բարենպաստ պայմաններուն, երբեք չէր փորձուած արմաւենիներու տնկումը: Միայն 1939-ին է, որ Ազրպէյճանէն Հայաստան բերուեցան արմաւենիներու ծիլեր եւ տնկուեցան Ազոտէֆ գետի հովիտին` Իջեւանի շրջանի Ուզունթալ գիւղին մօտերը: Նորատունկ ծառերու արմատաւորումը հիանալի անցած է եւ առաջին իսկ տարին աճած են մինչեւ 180 սանթիմեթր:

Ներկայիս այս ծառերը շատ փարթամ են, անոնց բարձրութիւնը կը հասնի 6 – 7 մեթրի` իսկ սաղարթներուն տրամագիծը` հինգ մեթրի:

Ուզունթալայէն զատ, արմաւենիներ յաջողութեամբ տնկուած են Ալավերդիի, Իջեւանի եւ Մեղրիի կարգ մը գիւղերուն մէջ: Բոլոր վայրերուն մէջ ալ լաւ կ՛աճի եւ կը պտղաբերի:

Նախորդը

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՈՒԷ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆԸ

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՀԵՐՈԴՈՏՈՍ, «ԻԼԻԱԿԱՆ» ԵՒ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 11

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։