Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան – Լոս Անճելըս Ուղիղ Թռիչքը Օրակարգի Վրայ Է

November 28, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

speier_112316

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ մօտ ապագային հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր զարգացումներ կ՛ակնկալուին. «Ամերիկայի Ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այս մասին խօսած է հայ քոնկրեսական Ճեքի Սփիր: «Կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները առաւել եւս պիտի ընդարձակուին եւ նոր մարզեր ներգրաւելու հսկայական ներուժ պիտի ունենան», աւելցուցած է ան:

Իբրեւ Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ, Սփիր 2017-ին կը նախատեսէ բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացնել: «Մօտիկ ապագային, Հայաստանի դեսպանին հետ համագործակցութեամբ` կը նախատեսենք քոնկրեսականներու մեծ պատուիրակութեան այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Հայաստան», ըսած է ան:

Օրակարգի վրայ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ նոր քոյր քաղաքներու հռչակում ու Երեւան-Լոս Անճելըս ուղիղ թռիչքներու բացում: «Վերջինս կը փափաքիմ նաեւ անձնական նկատառումներէ մղուած, քանի որ համոզուած եմ, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ չէ, որ Հայաստան պիտի այցելեմ», աւելցուցած է ան:

Ըստ Սփիրի, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մարզին մէջ 2017-ին լուծուելիք կարեւորագոյն խնդիրը Հայաստանի վերաբերող «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին համար օժանդակութեան վերականգնումն է:

«Այս հարցով ես Հայաստանի օգնութեան կարիքը ունիմ: Որքա՛ն խոր զարգանայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, այնքա՛ն մեծ պիտի ըլլայ այդ օգնութիւնը ապահովելու հաւանականութիւնը», շեշտած է Սփիր:

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի տրուի նաեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: «Եթէ նախապէս տնտեսական համագործակցութիւնը հիմնականին մէջ առեւտուրի եւ ներդրումներու վրայ կեդրոնացած էր, ապա արհեստագիտութեան այս նոր դարուն անհրաժեշտ է զարգացնել գիտաճարտարագիտական կապերը: Փափաքելի է փոխադարձ յարաբերութիւններ զարգացնել Քալիֆորնիոյ Սիլիքոնէ հովիտին եւ Հայաստանի միջեւ, որպէսզի հայ մասնագէտներ այցելեն, եւ տեղի ունենայ գիտելիքներու իսկական փոխանակում», աւելցուցած է ան:

Ըստ Սփիրի, եթէ նախապէս հայ- ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացման բարձրագոյն կէտին հասած էին 20-րդ դարու սկիզբը, երբ դեսպան Մորկընթաու կը փորձէր հակազդել Հայոց ցեղասպանութեան, ապա 21-րդ դարուն անհրաժեշտ է նոր հեռանկարներու հասնիլ: «Անհրաժեշտ կը նկատեմ շա՛տ աւելի ամուր յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, յատկապէս երբ այսօր առաւել քան երբեք հզօր է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը, իսկ Երեւանը Ուաշինկթընի մէջ ունի կարող դեսպան: Երկու կողմերն ալ այս կարելիութիւններէն պէտք է օգտուին` զարգացնելով իրենց յարաբերութիւնները», եզրակացուցած է Սփիր:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Բանակայիններու Թղթածրարին Վրայ Լուրջ Աշխատանք Կը Տարուի Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Յաջորդը

Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.