Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Բանակայիններու Թղթածրարին Վրայ Լուրջ Աշխատանք Կը Տարուի Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

November 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

panagayinner_112716

Արսալի Արանեպ հովիտին մէջ 10 ահաբեկիչէ բաղկացող ՏԱՀԵՇ-ի խմբակի մը, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխան» Ահմետ Եուսեֆ Ամմունի լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալման զուգահեռ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող 11 բանակայիններու թղթածրարը:

Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ամմուն բացայայտած է առեւանգուած բանակայիններուն գտնուած վայրը, իսկ այլ տեղեկութիւններու համաձայն, Ամմունը տակաւին կարելի չէ եղած հարցաքննել` նկատի ունենալով, որ ան ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Սակայն հակառակ այս հակասական տեղեկութիւններուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վրայ լուրջ աշխատանք կը տարուի` հաստատելով, որ այդ իմաստով մթնոլորտը դրական է:

Իպրահիմ նշեց, որ իրենք առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարը կը հետապնդեն նոր միջնորդի մը հետ, որ բաւական լուրջ կ՛երեւայ. ան աւելցուց, որ իրենք օր մը օրանց չեն զլացած այդ թղթածրարը հետապնդել, սակայն նախորդ միջնորդը լուրջ աշխատանք չէր տարած այս իմաստով:

Այս շրջագիծին մէջ Աքքարի մէջ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին

առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները մաղթեցին, որ իրենց զաւակները վերադառնան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեցին այդ իմաստով ճիգ չխնայել:

Իր կարգին, առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ կան տուեալներ, թէ Ամմուն տեղեկութիւններ ունի իրենց զաւակներուն գտնուած վայրին մասին` յոյս յայտնելով, որ այդ թղթածրարը բարւօք լուծումի արժանանայ:

Եուսեֆ նշեց, որ լիբանանեան բանակն է Լիբանանի արժանապատուութեան պահապանը` աւելցնելով, որ իրենց զաւակները ամէն վայրկեան վտանգի ենթակայ են:

Եուսեֆ հաստատեց, որ իրենք հանդիպում մը պիտի ունենան նախագահ Աունի հետ: «Կը յուսանք, որ ան մեզի օժանդակէ», ըսաւ ան` յուսալով, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող  բանակայինները կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն` ամբողջացնելով տարի մը առաջ` 1 դեկտեմբեր 2015-ին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող 16 բանակայինները ազատ արձակելու առիթով լիբանանցիներուն հոգիները լեցուցած ուրախութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Քասթրոյի Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Երեւան – Լոս Անճելըս Ուղիղ Թռիչքը Օրակարգի Վրայ Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.