Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՕԹԱՆ-Ի ՄԷԿ ՆԻՍՏԻՆ

October 6, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսել` մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններուն` այսօր տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին:

Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակը, ՕԹԱՆ-ի հետագայ ռազմավարութիւնը եւ իրականացուող գործողութիւններուն վերաբերող այլ հարցեր: Նոյն օրը նախարար Օհանեան պիտի մասնակցի Աֆղանիստանի միջազգային անվտանգութեան ուժերուն մէջ Գերմանիոյ հրամանատարութեան ներքեւ գործող Հիւսիսային շրջանային հրամանատարութեան ուժեր տրամադրող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման, որուն ընթացքին համաձայնութիւն պիտի գոյանայ եւ պիտի հրապարակուի Հիւսիսային շրջանային հրամանատարութեան ուժեր տրամադրող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն միացեալ յայտարարութիւնը:

Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են նաեւ Սէյրան Օհանեանի երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումները Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական  Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրէյի, Եւրոպայի մէջ դաշնակցային ուժերու գերագոյն հրամանատար ծովակալ Ճէյմս Սթաւրիտիսի եւ գործընկեր պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.