
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան. քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասը, որոնց հետ քննարկեց անոնց ստանձնած նախարարութեանց յատուկ խնդիրներ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:


