Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Պատրաստ Է Իրանի Համար Հարթակ Ձեւաւորելու` Դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Շուկայ

November 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_111816

Իրանի ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար, գլխաւոր մաքսատան պետ Մասուտ Քարպասիանիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան հաստատած է, որ Հայաստան պատրաստ է Իրանի համար ձեւաւորելու համապատասխան հարթակ` դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ:

«Իրանը Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն բարեկամ երկիր է, այլ նաեւ կարեւոր գործընկերներէն է, եւ մեր միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Բայց մեր տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու եւ զարգացնելու ներուժ ունինք: Երկու երկիրներու մաքսային կառոյցներու ներդաշնակ աշխատանքը եւս կը նպաստէ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման», նշած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան 18 նոյեմբերի նիստին յանձնարարած է համապատասխան նախարարութիւններուն` աշխատանքային խումբ ձեւաւորել եւ իրանական կողմին հետ աշխատիլ Հայաստանէն Իրան հայկական արտադրանքի, մասնաւորապէս սննդամթերքի եւ գիւղական մթերքի արտածման խթանման հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ գործարարներու հետ քննարկել Իրանի սահմանակից տարածքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի հիմնելու հեռանկարները:

Ըստ վարչապետին, ատիկա փոխշահաւէտ կարելիութիւն է երկու երկիրներու գործարարներուն համար, եւ պէտք է աշխատիլ զայն իրականացնելու ուղղութեամբ:

Իրանի գլխաւոր մաքսատան պետը` ներկայացնելով Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանի հետ աշխատանքային բանակցութիւններուն արդիւնքները` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ, նշած է, որ ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ: Մասնաւորապէս, ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր` մաքսային վարչարարութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, երկուստեք կարեւոր նկատած են ելեկտրոնային եղանակով անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակումը եւ Հայաստանի ու Իրանի քաղաքացիները մաքսային ընթացակարգերուն մասին բաւարար չափով իրազեկումը, երկու երկիրներուն մէջ գործող ազատ տնտեսական գօտիներուն միջեւ փորձի փոխանակումն ու համագործակցութիւնը:

«Մենք կրնանք ազատ տնտեսական գօտիին միջոցով համագործակցութիւն ծաւալել դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ: Իբրեւ կապող կամուրջ` Հայաստան կրնայ որոշիչ դերակատարութիւն ստանձնել այս մարզին մէջ, ինչ որ իր կարգին կրնայ նպաստել միացեալ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման», ըսած է Մասուտ Քարպասիանի: Ի պատասխան` վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է ձեւաւորելու համապատասխան հարթակ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն շուկայ:

Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ ողջունած է երկու երկիրներու մաքսատուներու վարչարարութեան պայմաններու բարելաւման եւ միմիանց երկիր մուտք գործելու համար ընթացակարգերու դիւրացման վերաբերող միացեալ քայլերը:

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր եւս, որոնք կը վերաբերին երթեւեկի եւ տարանցման  ենթակառուցուածքներու  մարզին մէջ գործակցութեան զարգացման:

 

Նախորդը

Եիգպտոսի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը Պիտի Ներառէ Իր Օրակարգին Վրայ

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ձեւակերպում Կար Ղարաբաղի Հետ Կապուած, Որ Մեզի Համար Անընդունելի Էր»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.