
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, թէեւ Իտալիա ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի ախոյեան Գերմանիոյ հետ, սակայն այս մրցումը նշանակալից եւ պատմական եղաւ իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի համար` նկատի ունենալով, որ ան կատարելով իր 167-րդ միջազգային մրցումը, հաւասարեցաւ Իքեր Քասիասի հաստատած եւրոպական մրցանիշին:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր տուած լուրը եզրափակեց նշելով, որ բազմաթիւ այլ խումբերու նման, Իտալիա եւ Գերմանիա այսպիսով կատարեցին 2016 տարուան իրենց վերջին մրցումը:


