
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ ցարդ կրած է միայն մէկ պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը` իր դաշտին վրայ 121-117 արդիւնքով յաղթելով Թորոնթօ Ռեփթըրզին:
Լեպրըն Ճէյմս (Քաւալիրզ) եւ Քայլ Լովրի (Ռեփթըրզ) նշանակեցին 28-ական կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 125-118 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 32 կէտ:
Փորթլենտի մէջ, Թրէյլ Պլէյզըրզ 113-88 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շիքակօ Պուլզէն: Ճիմի Պաթլըր (Պուլզ) նշանակեց 27 կէտ:
Մնացեալ ճակատումներուն, Մայեմի Հիթ 93-90 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Աթլանթա Հոքսէն, մինչ Շարլոթ Հոռնեթց 115-108 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Օրլինզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Տալաս Մավըրիքս
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Աթլանթա Հոքս – Միլուոքի Պաքս
Օքլահոմա Սիթի – Հիուսթըն Ռոքեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ


