Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աթաթուրքի Զօրքը Կազմակերպած Է 1922-ի Իզմիրի Հրդեհը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

November 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kammenos_111416

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս (Փանոս) Քամմենոս յայտարարած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող յունական Իզմիր (Զմիւռնիա) քաղաքը 1922-ին այրած են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի զինուորները:

Յոյն նախարարը` խօսելով Իզմիրի յունական անցեալին մասին, նշած է, որ թուրքերը կոտորած են Իզմիրի քրիստոնեայ բնակչութիւնը:

Զմիւռնիոյ հրդեհը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է Զմիւռնիոյ աղէտ անունով, տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 1922-ին:

Օրին, Թուրքիոյ քեմալական կառավարութեան զօրքերը պատերազմի ընթացքին պարտութեան մատնեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը թափանցած եւ հին յունական տարածքները ազատագրած յունական զօրքերը, իսկ 9 սեպտեմբեր 1922-ին ներխուժեցին Զմիւռնիա:

Կոտորածէն փրկուելու համար հազարաւոր հայեր ապաստանեցան Ս. Ստեփանով եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: 13 սեպտեմբերին քաղաքին մէջ ծայր առաւ մեծ հրդեհ մը, որ քեմալականներու ձեռքի գործն էր: Հրդեհին պատճառով հրկիզուեցան աւելի քան 50 հազար տուներ, 24 եկեղեցիներ, 28 դպրոցներ, դրամատուներ, հիւպատոսարաններ եւ հիւանդանոցներ:

Ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան, «քաղաքը հրդեհած են նահանջող յոյները», իսկ Իզմիրի 1922-ի սեպտեմբերեան դէպքերը նկարագրուած են իբրեւ Իզմիրի «ազատագրում»:

Զմիւռնիոյ մեծ հրդեհէն ու Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնակչութեան փոխանակումէն ետք տեղւոյն քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը խիստ նուազեցաւ, իսկ այդտեղ մնացածները հետագայ տարիներուն թրքացուեցան կամ արտագաղթեցին:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Եւրոպային Կ՛ըսեմ. «Թուրք Ժողովուրդին Որոշումը Ձեր Ձեռքը Չէ»

Յաջորդը

Ամբողջութեամբ Աւերակ Դարձած Շըռնաքի Մէջ 82 Օր Ետք Ջնջուած Է Կրակմարի Դրութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի Այսօր Փաքիստան  Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի Այսօր Փաքիստան Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ

November 16, 2026
Զելենսքի. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ  Առաջարկեցին ՕԹԱՆ-ին Միանալուն  Դիմաց Իր Հողերը Ռուսիոյ Զիջիլ»
Միջազգային

Զելենսքի. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Առաջարկեցին ՕԹԱՆ-ին Միանալուն Դիմաց Իր Հողերը Ռուսիոյ Զիջիլ»

November 16, 2026
Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Թրամփ Փութինի Եւ Շի Ճինփինկի Հետ Իրանի  Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ,  Եւ Ոչ Թէ` Ուքրանիոյ Թղթածրարը
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Թրամփ Փութինի Եւ Շի Ճինփինկի Հետ Իրանի Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ, Եւ Ոչ Թէ` Ուքրանիոյ Թղթածրարը

November 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.