ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2016-2017 տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը` քրոս քաունթրին, տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի թաղամասերուն մէջ:
Սոյն մրցաշարքը, որ արդէն նախորդ տարեշրջանէն սկսած էր, նուիրուած է Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին:
Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ:


