Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Պահանջենք Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը» Շեշտեց Ժրայսաթի

November 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

takattol-3_110816

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ժըպրան Պասիլի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի պահանջեց իշխանութիւններու վերակազմաւորումը, սկսեալ` գործադիր իշխանութենէն, ապա Ազգային ուխտին համապատասխանող ընտրական օրէնքի մշակումը` երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու նպատակով:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ յաջորդ փուլին ընթացքին իրենց գործունէութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած նախագահական երդումին վրայ` մեծ կարեւորութիւն ընծայելով տնտեսական մարզի բարելաւման:

«Ելեկտրականութիւնը, ջուրը, ամբարտակները, քարիւղն ու հաղորդակցութեան միջոցները հրատապ լուծման կարիքը ունեցող թղթածրարներ են եւ կարելի չէ անոնց լուծումները յետաձգել», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքը կը փաստէ, որ երկկողմանի կամ եռակողմանի համաձայնութիւններ չեն գոյացած այդ առնչութեամբ: «Համախմբումը կը պահանջէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը: Կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուին բոլորը», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք յարմար կը գտնեն, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի, որպէսզի Լիբանանի մէջ տիրող դրական մթնոլորտը շարունակուի:

Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց ստորագրած համաձայնութեան` Ժրայսաթի յայտնեց, որ անիկա հիմնական է` աւելցնելով, որ այս կամ այն քաղաքական կողմը լուսանցքայնացնելու փորձեր պէտք չէ ըլլան, որովհետեւ այդ համաձայնութեան նպատակն է ազգային որոշումին մէջ քրիստոնեայ համայնքին կշիռը ապահովել: «Կը մաղթենք, որ ոչ ոք վնաս հասցնէ այս համաձայնութեան», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Պոնը Եւ Շեշտեց Իրանի Հետ Տնտեսական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Զարիֆ Ընդգծեց Թեհրանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին` Մաղթելով, Որ Լիբանանի Կառավարութիւնը Շուտով Կազմուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.