Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէն Մեղրեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

November 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

shahen-meghrian1_103016

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ արցախեան հերոս Շահէն Մեղրեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի շրջափակին մէջ:

Բացման խօսքը կատարեց Վանայ Ճենանեան, որ ամփոփ կերպով խօսելէ ետք Շահէն Մեղրեանի գործունէութեան մասին, անդրադարձաւ հերոսին ու անոր նմաններուն ունեցած ազդեցութեան մասին` մեր առօրեայ կեանքերուն մէջ. ան ըսաւ, որ  հերոսին անունը կրող մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականները զայն կը տեսնեն իբրեւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ ու իտէալ եւ միշտ պարտք կը զգան գործել անոր օրինակով:

Օրուան բեմավարներ Նարօտ Սէրուժեան եւ Քրիստ Բրուտեան կարդացին Շ. Մեղրեանի մասին վկայութիւններ` Բենիկ Ղուլեանէն ու Ռուբէն Յովսէփեանէն, որոնք արտայայտուած էին անոր մահուան առիթով, 1993-ին. յարգեցին նաեւ Ռ. Յովսէփեանի յիշատակը` նշելով, որ ան մահացած էր ձեռնարկէն միայն 3 օր առաջ: Անոնք կարդացին նաեւ Շահէն Մեղրեանի խրախուսական խօսքերէն մէկը` արտասանուած ինքնապաշտպանութեան օրերուն: Ապա Նայտա Պետիկեան կարդաց հերոսին վերջին նամակը` ուղղուած իր ընտանիքին. անոր ընկերացաւ Արին Թաշճեան ջութակով, Կոմիտասի «Գարուն ա» երաժշտութեամբ:

Դրօ Գասապեան յաջորդաբար կարդաց Շահէն Մեղրեանի գործունէութեան եւ գաղափարներուն մասին հատուածներ, ապա վաւերագրական կարճ տեսերիզներու ընդմէջէն ներկաները դիտեցին հերոսին հետ կատարուած հարցազրոյցի բաժիններ,  որմէ ետք 3 ԼԵՄ-ականներ ներկայացուցին հայկական նազպար մը` «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երաժշտութեամբ, իսկ Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Հրաչեայ Յովհաննիսեանի «Ոգեկոչում» բանաստեղծութիւնը` նուիրուած Շահէն Մեղրեանին ու անոր գաղափարակից ընկերներուն:

Ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը` պատրաստուած «Շահէն Մեղրեան»-ի ԼԵՄ-ականներուն կողմէ, որուն մէջ անոնք ներկայացուցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ, որմէ ետք ներկաները դիտեցին հերոսի տան մէջ կատարուած խրախճանքնէն կարճ հատուած մը:

shahen-meghrian2_103016

Օրուան բանախօս Տիգրան Ճինպաշեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց Շահէն Մեղրեան տիպարը, անոր կատարած գործերն ու սխրագործութիւնները: Ան մօտէն ճանչցած ըլլալով Շ. Մեղրեանը` իր խօսքը աւարտեց պատմելով անոր հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին, քաջալերեց ԼԵՄ-ականները, որ քալեն Շահէն Մեղրեանի ու անոր ընկերներուն ճամբէն ու առաջնորդուին անոնց օրինակով:

Աւարտին Վիգէն Տիշչեքէնեան մեկնաբանեց Շահէն Մեղրեանին նուիրուած նորաստեղծ երգը, ապա  երեկոն ճոխացուց` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քուէն…Ո՛չ Ոքի

Յաջորդը

Ներշնչուելով Լիբանանի Ապրած Արտակարգ Ու Անկրկնելի Զարգացումներու Շաբաթէն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.