Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երրորդ Փորձաքարը

November 4, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_hariri_110316

Վարչապետի նշանակման իրաւական ընթացակարգը արագօրէն իր լրումին հասաւ եւ Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ: Պարզ էր, որ նախապէս կայացած համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ոչ միայն նախագահի ընտրութեան, այլ նաեւ վարչապետի նշանակման:

Շրջանային եւ լիբանանեան քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով բնականաբար նախագահի ընտրութիւնը չէր կայանար, եթէ ընդհանուր համաձայնութիւնը գոյացած չըլլար: Վարչապետի նշանակման  այս ընթացքը, որոշ վերապահ մօտեցումներով եւ այդ մօտեցումներու գործնական դրսեւորումով հանդերձ` անուն չառաջադրելու կամ հանրապետութեան նախագահին փոխանցելու տեսակէտ յայտնելու իրաւունքը, խորքին մէջ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւնը չխանգարել կ՛ենթադրէ:

Շրջանային մակարդակի վրայ յամեցող հրդեհներու ընդհանուր իրավիճակին մէջ Լիբանան կը յաջողի ոմանց համոզումով զուտ ներլիբանանեան, այլոց վերլուծումով շրջանային մակարդակի վրայ կայացած համաձայնութիւններու իբրեւ հետեւանք նախագահ ընտրել եւ վարչապետ նշանակել:

Սահմանադրական իրաւադրոյթներ յարգելու ընդհանուր մօտեցումը ակներեւ է: Նախագահի ընտրութեան փուլեր, պարտադիր խորհրդակցութիւններ եւ նոյնքան արագ կշռոյթով վարչապետի նշանակում: Շուտով կը ձեռնարկուին նաեւ կառավարութեան նշանակման ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները:

Ահա կանգնած ենք արդէն կարեւոր եւ նուրբ հանգրուանի սեմին: Համաձայնական մթնոլորտի նախադրեալները կը յուշեն, որ առանց հիմնական արգելքներու, նորընտիր նախագահն ու նոր նշանակուած վարչապետը պիտի յաջողին կազմել գուցէ ըստ էութեան համաձայնական կառավարութիւնը:

Եւ եթէ ժողովրդավար հասկացողութեամբ քաղաքագիտական ընկալումով այլ երկիրներու մէջ միակուսակցական, երկու ուժերու միջեւ համախոհական, կամ հազուագիւտ պայմաններու լոյսին տակ ազգային համաձայնական կառավարութիւններ կը կազմուին, այստեղ, ուր երկիրը կը ղեկավարուի միջհամայնքային համակեցութեան հիման վրայ գործող համակարգով, որեւէ կառավարութիւն  չի կրնար շնչել, եթէ բոլոր համայնքներու համաձայնութեամբ գոյացած չըլլայ: Ըստ էութեան ուրեմն, Լիբանանի մէջ կազմուող հերթական կառավարութիւնը միջհամայնքային (իմա՛ ազգային) համաձայնական բնոյթ կ՛ունենայ:

Այս երրորդ փորձաքարը կարեւոր է: Այստեղ արդէն բոլոր համայնքներու իրողական ներկայացուածութեան ապահովումը նախապայման է արդիւնաւէտ կառավարութիւն ունենալու համար: Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը ոչ միայն թերի կը նկատուի, այլեւ կը վիժի, եթէ մեկնարկային ու նախապայմանային այս մօտեցումը լիարժէքօրէն աշխատած չըլլայ:

Ընթացքը յուսադրիչ նախադրեալներ կը պարունակէ. Ճիշդ է միաժամանակ նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքացին բազմաթիւ անգամներ դրական սկիզբներու ականատես ըլլալէ անմիջապէս ետք, ապրած է հերթական հիասթափութիւն եւ կորսնցուցած վստահութիւնը ընդհանրապէս պետական համակարգին նկատմամբ:

Հիմնական տարբերութիւն մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս հանգրուանին: Տարածաշրջանը կ՛եռայ, կը տուայտի հրդեհներու մէջ, միջդաւանաբանական լարուածութիւնը կը հասնի գագաթնակէտին մինչ Լիբանանի համայնքներն ու քաղաքական հոսանքները կը յաջողին համախմբուիլ նախագահի եւ վարչապետի անուններուն շուրջ:

Բոլորը նոյն համախմբուածութեամբ պարտին յաղթահարել այս երրորդ փորձաքարը եւս:

Նախորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն

Յաջորդը

Եոաքիմ Լոյեւ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.