Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան Մտահոգ Է Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգով

November 3, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-7

Երէկ խորհրդարանին մէջ 2017-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանին կենսաթոշակային համակարգի վերաբերեալ հարցումներ ուղղեց ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

«Կենսաթոշակային կուտակային համակարգին մէջ ի՞նչ կը կատարուի: Միայն ձեր մարզը չէ, անոր համար ալ անորոշութիւնները շատ են: Էական ժամանակ է, որ համակարգը կը գործէ: Ցուցանիշներու, ներդրումներու չափը, քաղաքացիներու եւ պետութեան մասնակցութեան չափը, ո՞ւր կը կատարուին ներդրումները եւ ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ կը կատարուին® Ունի՞նք հաշուարկ, թէ միջին աշխատավարձ ստացող քաղաքացիին պարագային ինչքա՛ն գումար կուտակուած է մինչեւ հիմա, եւ կշռոյթը ո՞ւր պիտի երթայ, արդե՞օք ուժի մէջ է 2018-ին յուլիսէն մասնաւոր հատուածի վրայ նաեւ տարածելու որոշումը, եւ մեր պիւտճէի, տնտեսութեան այսօրուան վիճակով որքանո՞վ տրամաբանական է տասնեակ միլիառաւոր գումարներ պետութենէն, պիւտճէէն հանել ու տանիլ այդտեղ: Ամբողջական պատկեր մը պէտք է: Նուազագոյնը` պատգամաւորները տեղեակ պէտք է ըլլան», ըսաւ Վարդանեան:

Ազգային ժողովի ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Յակոբեան արձագանգեց, որ կենսաթոշակը չեն դիտարկեր իբրեւ ընկերային ծրագիր, իսկ կենսաթոշակի բաղադրիչին համար իւրաքանչիւրը իր աշխատածին չափով կուտակում պէտք է կատարէ:

Իր կարգին, նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսաւ, որ ցանկութիւն չունէր հարցին գաղափարական կողմին անդրադառնալու, եւ պատգամաւորին հարցումն ալ, որքանով ինք հասկացած է, հիմնականին մէջ ցուցանիշներու մասին է: Ան ըսաւ, որ իրենք կրնան ընկերային հարցերու յանձնախումբին եւ պատգամաւորներուն տրամադրել տեղեկատուութիւն: Իսկ ֆոնտերու  վերաբերեալ Ասատրեան ըսաւ, որ այդ գումարներուն 10 առ հարիւրէն աւելին աշխատած է` իբրեւ ներդրում:

Նախորդը

Լեւոն Մկրտչեան. «Պէտք Է Ստեղծենք Լուրջ Գիտական Կեդրոն, Որ Զբաղի Դասագիրքեր Պատրաստելու Գործով»

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.