Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էֆ.Պի.Այ.»-ին Արտօնութիւն Տրուած Է Քլինթընի Ե-Նամակներու Յաջորդ Մասը Ուսումնասիրելու

November 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

clintons-fbi_103116

«Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ը մէջբերելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակին` «Էֆ.Պի.Այ.»-ին արտօնած է ուսումնասիրել Հիլըրի Քլինթընի ելեկտրոնային նամակագրութեան նոր մասը, որ յայտնաբերուած է անոր օգնական Հումա Ապետինի ամուսինին համակարգիչին մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրավիճակը կը բարդացնէ այն փաստը, որ նամակները կը գտնուին Ապետինի ամուսինին` Էնթընի Վիների պատկանող համակարգիչին մէջ:

Նախապէս «Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէն Ճէյմս Քոմի յայտնած էր, որ գրասենեակին աշխատակիցները գտած են Քլինթընի նոր նամակները, որոնք տակաւին պէտք է ուսումնասիրուին` գիտնալու համար, թէ արդեօք անոնց մէջ գաղտնի տեղեկութիւն կա՞յ:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ հետաքննութեան վերսկսումը լուրջ հարուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին յաւակնող Հիլըրի Քլինթընի վարկանիշին: Յայտնի է, որ նախապէս «Էֆ.Պի.Այ.»-ը Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն քրէական պատասխանատուութեան չէ ենթարկած արտաքին գործոց նախարար եղած ժամանակ անձնական ե-նամակի հասցէի օգտագործման համար:

Կը նշուի, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէնի` հետաքննութիւնը վերսկսելու վերաբերեալ որոշումը կը հակասէ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ գործող այն կանոնին, ըստ որուն, ընտրութիւններէն առաջ պէտք է խուսափիլ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ:

Միւս կողմէ, «Տը Հիլ» պարբերականը կը յայտնէ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէնի նախկին օգնական Ճէյմս Քալսթրոմ Քլինթընները «յանցագործ ընտանիք» կոչած է:

«Քլինթընները, ըստ էութեան, յանցագործ ընտանիք են: Ատիկա կը նմանի կազմակերպուած յանցագործութեան: Ես նկատի ունիմ այն, որ Քլինթընի հիմնադրամը աղբահոր է», ըսած է Քալսթրոմ:

Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուն նաեւ «ախտաբանական ստախօս» կոչած է:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Կը Վերածուի Ժամանակակից Բռնապետութեան» Կ՛ըսէ Էօզտեմիր

Յաջորդը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Քլինթընի Հակավարկանիշը Աւելի Բարձր Է, Քան Թրամփինը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.