
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ պլոքին որոշումը` նախագահական ընտրութեան նախօրեակին:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ նիստէն ետք յայտարարեց, որ պլոքը ներկայ պիտի գտնուի նախագահական ընտրութեան նիստին եւ քուէարկէ ի նպաստ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Յետմիջօրէին Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ խնդրեց, որ իրեն զօրակցող երեսփոխանները սպիտակ թուղթով մասնակցին քուէարկութեան:
Ան նշեց, որ ինք եւս սպիտակ քուէով պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութեան: «Մենք չենք ուզեր ազգային համաձայնութեան դէմ կանգնիլ, այլ` կը փափաքինք կեցուածք ճշդել: Կը մնամ նախագահական ընտրութեան պայքարին մէջ, իսկ սպիտակ քուէն պարզապէս կեցուածք մըն է», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէի խնդրանքին լոյսին տակ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը աւելի ուշ յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին սպիտակ քուէով պիտի մասնակցի:
Պըրրի ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք գիտեն, թէ ո՛ր թեկնածուին ի նպաստ պիտի քուէարկեն` աւելցնելով, որ երկուշաբթի օր պիտի յայտարարեն այդ մասին:
Խորհրդարանի նախագահը երէկ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի այսօրուան նախագահական ընտրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Արսլան ըսաւ. «Անկախ նախագահական ընտրութենէն, Պըրրի մնայուն կերպով կը մնայ երկրի կառավարման եւ պետական հաստատութիւններուն ու սահմանադրութեան տէր կանգնող ղեկավարը»:
Ան յոյս յայտնեց, որ Պըրրի շարունակէ մնալ լիբանանեան պետականութիւնը եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն միասնականութիւնը երաշխաւորողը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց այսօրուան նախագահական ընտրութեան նիստին կապուած հարցեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, որ բարձր գնահատեց Պըրրիի ջանքերը` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առումով: Ան շեշտեց, որ Պըրրի Լիբանանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան ռահվիրան է:
Այս առիթով Հութ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն:


