Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

October 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Մովսէս Յակոբեան եւ նախարար Օհանեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ 29 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուէր:

Այցելութեան ընթացքին Նախարար Օհանեան Ղարաբաղի բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեանի հետ այցելեց բանակի կեդրոնական, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած շարք մը զօրամասեր եւ ստորաբաժանումներ, հանդիպումներ ունեցաւ զինուորական անձնակազմին հետ, այցելեց հակամարտ զօրքերու շփման գիծի որոշ հատուածներ, հետաքրքրուեցաւ զինուորներու մարտական եւ ծառայողական առօրեայով եւ ծանօթացաւ անոնց ընկերային-կենցաղային պայմաններուն:

Հանդիպումներուն ընթացքին Սէյրան Օհանեան նշեց, որ հակառակ բանակին կատարած գերազանց աշխատանքներուն` իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրներուն նկատմամբ, մերթ ընդ մերթ արձանագրուող արտակարգ պատահարները եւ արատաւոր ելոյթները կը փորձեն ստուերի մէջ ձգել բանակին հեղինակութիւնը: Նախարարը աններելի նկատեց ոչ մարտական պայմաններու մէջ արձանագրուած մարդկային կորուստները եւ նշեց, որ արդար է ժողովուրդին այն պահանջը, թէ բանակին մէջ արատաւոր երեւոյթները պէտք է նուազագոյնի հասնին: «Բոլոր հրամանատարները պէտք է հասկնան, որ ասիկա մեզի համար պատասխանատուութեան եւ պատիւի հարց է: Զինուորական կարգապահութիւնը զօրքերու մարտունակութեան ապահովման հիմնարար գործօններէն մէկն է եւ մարտական ոգիի հիմնաքարը», ընդգծեց նախարար Սէյրան Օհանեան:

Նախարար Օհանեան նշեց, որ անձնակազմին հետ աշխատանքները եւ արատաւոր երեւոյթներուն դէմ պայքարը պիտի ըլլայ զինեալ ուժերու ղեկավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնը, որպէսզի հայկական ազգային բանակի հիմքին մէջ դրուին այնպիսի արժէքներ, ինչպէս` մարդկային յարաբերութիւններու գերադասումը, հրամանատարի անձնական օրինակը, հաւասար եւ արդար վերաբերմունքը զինուորին նկատմամբ, բանակային ընկերականութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը` երիտասարդը բանակ ընդունիլ ծնողի հոգատարութեամբ եւ կատարել անոր պարտականութիւնները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց նաեւ, որ վերջին օրերուն զինեալ ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներ այցելած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի ամբողջ ղեկավար կազմը` զինուորական կարգապահութեան կտրուկ բարձրացման եւ արտակարգ դէպքերու եւ պատահարներու կանխարգիլման ուղղուած պաշտպանութեան նախարարի ցուցմունքները զինեալ ուժերու ամբողջ անձնակազմին հասցնելու համար:

Նախորդը

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յաջորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒԾՈՒԻԼ ՄԻԱՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ՔՎԵԼԼԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.