Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արարատը Մերն Է»

October 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ararat-fm-bayazet-768x576-2

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթներէն մէկուն` «Ինծի համար, կը ներէք, հայ է՛, յոյն է ըսողներ եղան», ըսած էր:

Հիմա ես ալ իմ կարգիս ամօթ կը զգամ իր անունը եւ «հայ ազգը» սահմանումը նոյն նախադասութեան մէջ գործածելէ: Ուրեմն ընթերցողը թող ներէ զիս այս անպատշաճ երեւոյթին համար: Խոստովանիմ որ անհրաժեշտութիւնը զիս դրաւ նման անյարմարութեան դիմաց: Էրտողան թերեւս կեանքին մէջ առաջին անգամ խօսեցաւ հայոց սրտին: Վերջերս ան յաճախ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրինականութեան փաստաթուղթը համարուող Լոզանի դաշնագրին: Առարկութիւններ ունի այդ համաձայնութեան

վերաբերեալ: Կը պնդէ, որ Լոզանի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը անտեղի զիջումներ ընդունած է: Ու կ՛աւելցնէ` «Հանրապետութեան սահմանները մեր կամքով չեն ճշդուած» ըսելով: Բազմաթիւ հայեր նոյնութեամբ կրնան ձայնակցիլ Էրտողանի այս նախադասութեան:

Ա. Աշխարհամարտի աւարտին եւ յաջորդող տարիներուն ճշդուած սահմաններն ալ մեզ` հայերուս կամքին հակառակ էին: Չըլլայ որ կամաւոր հրաժարած ըլլայինք ամբողջ հայրենիքի մը տարածքէն: Երկիր, որուն վրայ ծագումէն ի վեր աճեր ու զարգացեր է հայ ժողովուրդը: Արարատը մեր ազգային խորհրդանշանն է: Անիի աւերակները` նոյնպէս: Ի վերջոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսօրուան սահմանը հաստատող դաշինքը ստորագրող կողմերը Թուրքիան եւ խորհրդային պետութիւնն էին: Հայերս երբեք ու երբեք չենք հրաժարած մեր պահանջատիրութենէն: Գոյացած սահմանը բացարձակապէս մեր կամքով չէ: Պարզապէս համակերպած ենք ժամանակին պարտադրած պայմաններուն:

Այս իրողութիւնը տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ պետական ենթագիտակցութեան մէջ: Այդ պատճառաւ ալ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ խորհրդային բանակը ռազմափորձեր կատարելու համար զօրք կը կուտակէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծին, թրքական բանակը լքելով Արեւմտեան Հայաստանը` կը նահանջէր մինչեւ Կեսարիա: Կեսարիան պատահական չէ, Սեւրի դաշնագիրին համաձայն, Թուրքիոյ ձգուած տարածքի արեւելեան ծայրամասն էր այդ քաղաքը:

Պետական ենթագիտակցութիւնը 1991-ին դարձեալ շարժման անցաւ եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջեց սահմաններու երաշխիք: Ուզեց, որ Խորհրդային Միութեան հետ կնքուած Կարսի դաշինքը վերահաստատուի նաեւ Հայաստանի կողմէ: Անշուշտ որ Հայաստանի կառավարութիւնները մերժեցին այդ պարտադրանքը եւ գոհացան յայտարարելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առայժմ սահմաններու վերաբերեալ խնդիր մը չունի:

Իրաւ է, որ Հայաստան ներկայ դրութեան մէջ սահմաններու նկատմամբ օրակարգ մը չունի: Բայց,  ինչպէս Թուրքիոյ պետական միտքը, հայ ժողովուրդն ալ ունի ազգային ենթագիտակցութիւն: Երբ մէկը Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած հրդեհը առիթ կը համարէ Մուսուլն ու Քերքուքը օրակարգի բերելու համար, անխուսափելի կը դառնայ հայոց ալ իրենց հաշիւները սեղան բերելու վարկածը:

Այս օրերուս Թուրքիոյ բազմաթիւ հեռուստապաստառներու վրայ կը յայտնուին փորձագէտներ, մասնագէտներ, դիւանագէտներ,  որոնք բազում ճամբաներով կը փորձեն փաստել, թէ Իրաքի երկու քաղաքները` Մուսուլ ու Քերքուք,  իրականութեան մէջ Թուրքիոյ կը պատկանին:

Եթէ այսքան դիւրին դուրս պիտի ելլենք համաշխարհային չափանիշներէն, ո՞վ կրնայ առարկել, երբ հայը յայտարարէ` «Արարատը մերն է»:

Յօդուածը եզրափակենք «Յիշում եմ եւ պահանջում» ըսելով:

[email protected]

«ԱԿՕՍ», 26 Հոկտ. 2016

Նախորդը

Գրողի Անկիւն. Սեւանայ Լիճը, Վանան Եւ Ուրիշ Շատ Բաներ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` «Տարրալուծարանային Նոր Քննութիւններ» Նիւթով

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.