Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` «Տարրալուծարանային Նոր Քննութիւններ» Նիւթով

Հոկտեմբեր 29, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

pjishg1_102816

Երէկ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Տարրալուծարանային նոր քննութիւններ» նիւթով, ներկայութեամբ մեծ թիւով բժիշկներու: Դասախօսական երեկոյին բացումը կատարեց միութեան ատենապետ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօս տոքթ. Էտի Րագուպեանը:

Տոքթ. Րագուպեան քանի մը մասերով ներկայացուց թոքախտի, սեռային ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւններու եւ արեան քննութեան միջոցով ախտաճանաչման նոր հետազօտութիւնները` քննական ձեւով ներկայացնելով արդիւնքներու յաւելեալ ճշգրտութիւնն ու առաւելութիւնները:

Օրուան դասախօսը նաեւ ներկայացուց ծինային հիւանդութիւններու ախտաճանաչումը` դարձեալ արեան քննութեան միջոցով, ինչպէս` միջերկրականեան ջերմը (ծանօթ` հայկական հիւանդութիւն անունով) եւ արեան քաղցկեղի կարգ մը տեսակներ:

Տոքթ. Րագուպեան յաջորդաբար ներկայացուց զգայնութեան (ալերժի) յատուկ արեան նոր քննութիւնները` աւելի ճշգրիտ ախտաճանաչում կատարելու համար: Ան յատուկ նկարներով ցոյց տուաւ արդիւնքներու նոր ձեւաչափը, որուն նպատակը բացատրութիւնը աւելի մատչելի դարձնելն է հանրութեան:

Յաջորդական բաժիններով դասախօսը ներկայացուց նաեւ կերակուրի նկատմամբ անհանդուրժողութեան, յօդային հիւանդութիւններու, ՍԻՏԱ-ի, լեարդի ժահրային բորբոքման, ոսկրափտութեան եւ սիրտի մկանային անբաւարարութեան վերաբերեալ արեան քննութիւնները:

Ձեռնարկի աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկայ բժիշկներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

«Արարատը Մերն Է»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?