Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Մարզին Թափանցիկութեան Ամրապնդումին Նուիրուած Խորհրդաժողով

October 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mehrab_102616

Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած էր քարիւղի եւ բնական կազի մարզին թափանցիկութեան ամրապնդումին:

Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Ժահժահ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ գրեթէ բոլոր մարզերուն իրավիճակը վատթարացած է, նկատի ունենալով նախորդ երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին սառեցումը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը, որ հարիւր առ հարիւր լիբանանեան որոշումով պիտի ընտրուի, «եւ ասիկա կը փաստէ ազգային կամքին յաղթանակը», ըսաւ ան:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանան պիտի ունենայ իր վարչապետը, որ պիտի ըլլայ Սաատ Հարիրին:

Ժահժահ կարեւոր նկատեց Լիբանանի բնական հարստութիւնը, որ քարիւղն ու բնական կազն է` աւելցնելով, որ երկրին համար անոնց ապահովելիք գումարները հսկայական պիտի ըլլան եւ Լիբանանը պիտի դարձնեն ինքնաբաւ, կայուն եւ բարգաւաճ երկիր մը:

Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան շեշտեց, որ Լիբանան կը տառապի շարք մը տագնապներէ, որոնք կը ծանրաբեռնեն քաղաքացիները եւ պատճառ կը դառնան անոր եւ պետութեան միջեւ վստահութեան չգոյութեան:

Նազարեան հաստատեց, որ ինք ուրախ կը զգայ այս խորհրդաժողովին կայացման առիթով, որովհետեւ անիկա կը փաստէ, թէ քաղաքական անձնաւորութիւններն ու լիբանանցիները հետաքրքրուած են քարիւղի եւ բնական կազի մարզով, որուն աշխատանքները բծախնդրօրէն եւ ըստ օրէնքի գործադրուած են ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան եւ քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին կողմէ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ նախարարութիւնը այս մարզին գործունէութեան թափանցիկութեան մասին պատրաստած է տեղեկագիր մը եւ զայն փոխանցած կառավարութեան:

Նազարեան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանան իր կարգին սկսի քարիւղի եւ կազի արտահանումին` աւելցնելով, որ երկիրը հսկայ վնասներու կ՛ենթարկուի այդ մարզին աշխատանքը սկսելու առումով արձանագրուած յապաղումին պատճառով:

 

Նախորդը

Հըլու. «Պիտի Շարունակեմ Մնալ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու, Այնքան Ատեն Որ Անիկա Երկրին Շահերուն Կը Ծառայէ»

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Թրիփոլիի Իսլամ Հոգեւորականներու Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.