
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեան նախորդ շաբաթ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն վերադարձաւ Պէյրութ` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ՖԻՖԱ-ի կողմէ կազմակերպուած աղջկանց Մոնտիալի կազմակերպական դասընթացքի մը:
3 օրուան վրայ երկարած այս դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ասիոյ վեց երկիրները` Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Պաղեստին եւ Իրան:
Յորդանանի մէջ այդ վեց երկիրներու ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան նաեւ աղջկանց 17 տարեկանէն վար Մոնտիալին, որուն հիւրընկալ երկիրն էր Յորդանան:
Այս դասընթացքը շատ կարեւոր էր այն իմաստով, որ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հիւրընկալել Մոնտիալը:


