«Եուրոփա Լիկ»-ին ֆութպոլի մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նոմմէ Քալիուին (Էսթոնիա):
Յաղթական կոլը մրցումին 78-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:


