Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապիէի Մէջ . «Պիտի Ունենանք Զուտ Լիբանանեան Որոշումով Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Ժահժահ

October 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

geagea_rabiye_102116

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ արձանագրուած զարգացումը հիմնական փաստ մըն է, որ տակաւին լիբանանեան գոյացութիւն կայ:

Ան շեշտեց, որ ինք լաւատես է` աւելցնելով, որ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ նախագահական ընտրութեան փապուղիէն: «Կը մաղթեմ, որ բոլորը ընտրեն զօր. Աունը, սակայն նախագահական ընտրութիւնը եւս ընտրութիւն է, եւ անպայման ոմանք կրնան դէմ ըլլալ այս կամ այն թեկնածուին: Կը հաստատեմ, որ ո՛չ մեր եւ ո՛չ ալ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարին միտումը նշանակում կատարել է», ըսաւ ան:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ վերջապէս պիտի ունենանք զուտ լիբանանեան որոշումով հանրապետութեան նախագահ մը, եւ ատիկա Լիբանանի պատմութեան մէջ արձանագրուած հազուագիւտ իրադարձութիւններէն մէկն է:

Ժահժահ նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան առումով յոյսերը մեծ են, մթնոլորտը դրական է եւ 31 հոկտեմբեր 2016-ը երաշխաւորուած է, իսկ զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու քայլին կը յաջորդէ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ կառավարութեան կազմութիւնը:

Հարիրիի Մօտ

Երեկոյեան Ժահժահ ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց բոլոր նախաձեռնութիւնները կը միտին իրականացնել Ուիսամ Հասանի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծրագիրները:

Ժահժահ ողջունեց Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` շեշտելով, որ զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցելու անոր կեցուածքը բնաւ դիւրին չէ եղած:

«Ես ուրախ եմ, որ երկուքուկէս տարուան այս տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել` նախագահական ընտրութիւն կատարելով», ըսաւ ան` հաստատելով, որ վարչապետի իրենց թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:

  • ՆՇԵՆՔ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ ինք վստահ չէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութեան արդիւնքներէն` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը մաղթէ, որ Լիբանան ուղղուի դէպի նախագահական ընտրութիւն:

 

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Շարունակէ Քաղաքական Կողմերուն Հետ Իր Հանդիպումները

Յաջորդը

Զախարովա. «Մոսկուա Պիտի Ողջունէ Թուրքիոյ Շինիչ Դերը` Արցախի Տագնապի Լուծման Մէջ»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.