
19 հոկտեմբերին Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցը: Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով յայտարարութիւններ կատարեցին քանի մը պատգամաւորներ:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) խմբակցութեան նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան նշեց, որ կառավարութեան ներկայացուցիչին կողմէ միտում նկատելի է` չքննարկելու իրենց առաջարկները: Ան նշեց, որ եթէ խոստացուած քննարկումները չշարունակուին, ապա ԲՀԿ-ն երկրորդ ընթերցման քուէարկութեան պիտի չմասնակցի:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան արձագանգեց, որ նման միտում չկայ կառավարութեան ներկայացուցիչին կողմէ: Ան իր պաշտօնակիցները յորդորեց կողմ քուէարկել, որմէ ետք պիտի շարունակուին քննարկումները` տարակարծութիւնները հարթելու եւ մտահոգութիւնները փարատելու նպատակով:
Նշենք, որ հիմնական մտահոգութիւնը կապուած էր ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման պարագային կեղծ յայտարարութեան քրէականացման հետ:
Օրինաց Երկիր խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան նշեց, որ թեր պիտի քուէարկէ, իսկ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբելեան յայտարարեց, որ դէմ է:
Հարցը դրուեցաւ քուէարկութեան, նախագիծը ընդունուեցաւ 104 թեր, 4 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով:


