Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաշե՞լ, Թէ՞ Մասնակիօրէն Եփել

October 20, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Ի՞նչ է տարբերութիւնը խաշելուն եւ մասնակիօրէն եփելուն միջեւ

Ճաշը կը խաշենք, երբ սուզենք զայն պաղ եւ անլի ջուրին մէջ եւ ձգենք, որ պարունակութիւնը եռայ կրակին վրայ: Իսկ ի՞նչ է խաշելուն նպատակը: Միսի կարգ մը տեսակներ կը խաշենք, որպէսզի անոնց սուր համը չէզոքացնենք, կամ անոնց մէջ գտնուող աւելորդ աղը ոչնչացնենք: Իսկ բանջարեղէններու պարագային, կրնանք եռացած եւ աղով լուծուած ջուրին մէջ արագ խաշելու ձեւը որդեգրել` պարզապէս կակուղցնելու եւ զայն պատրաստելու եփելու յաջորդ հանգրուանին: Օրինակ` կաղամբի տերեւները կրնանք արագ ձեւով խաշել, եթէ անով լիցք պիտի պատրաստենք, կամ` գետնախնձորը, եթէ զայն յետոյ փուռը պիտի զետեղենք:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ մասնակիօրէն եփել:  Ուտելիքի որոշ տեսակներ մասնակիօրէն կ՛եփենք` նախքան զայն ենթարկելը այլ տեսակի եփելու ձեւերու: Օրինակ, եթէ ստեպղինի մանր կտորներ կ՛ուզենք կարմրցնել իւղով կամ կարագով, զայն նախապէս կարելի է մասնակիօրէն եփել: Ուրեմն, մասնակիօրէն եփելով կը հասկնանք ուտելիքի որոշ տեսակ մը դնել ջուրին մէջ եւ զայն եփել, տաքցնել` մինչեւ որ ջուրը հասնի գաղջ աստիճանի, այսինքն` անմիջապէս նախքան եռալը: Մասնակիօրէն եփելու ընթացքին կաթսային կափարիչը պէտք չէ ծածկել: Մասնակիօրէն եփելը կ՛օգնէ, որ ձուկի, հաւկիթի, պտուղի նման փխրուն ուտելիքներ չփճանան եփելու ընթացքին եւ չկորսնցնեն իրենց համը: Մասնակիօրէն եփելու հիմնական նպատակն է ուտելիքը ո՛չ չափազանց հասունցնել եւ ո՛չ ալ հում պահել, այլ` գտնել միջինը: Մասնակիօրէն եփելու ընթացքին կարելի է ջուրին մէջ աւելցնել համեմներ, կամ օգտագործել հիւթի կամ թացանի որոշ տեսակներ: Երբ բանջարեղէն մը մասնակիօրէն պիտի եփենք, ընտրենք կէս հասածը, որպէսզի ան  չկորսնցնէ իր տեսքը. իսկ եփելու ընթացքին պտուղին գոյնը պահպանելու համար զայն կարելի է ծածկել մաքուր լաթով մը եւ ապա զետեղել ջուրին մէջ:

Իսկ ի՞նչ ձեւով կարելի է հաւկիթը մասնակիօրէն եփել` առանց փճացնելու անոր կառոյցը: Շատ պարզ է` մէկ դգալ քացախ աւելցնել մէկ լիթր ջուրին մէջ եւ այդպէս եփել հաւկիթը:

Գիտէ՞ք, թէ մասնակիօրէն եփելը կը պահպանէ ուտելիքին մէջ գտնուող կենսանիւթերը եւ հանքային աղերը, մինչ խաշելու պարագային անոնց մեծ մասը կը կորսուի:

Մասնակիօրէն եփելու ընթացքին իւղի, կարագի եւ ճարպի օգտագործման չգոյութիւնը յարմար ընտրութիւն մը կը դարձնէ զայն` նիհարնալու նպատակով սննդականոնի հետեւողներուն:

 

 

Նախորդը

Խօսուն Իրեր

Յաջորդը

Զստաջիղի Ցաւ Կամ Զստաջղատապ Sciatica

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.