Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Խորհրդանշող Շարք Մը Այցելութիւններ` Պնաշհիի, Պէյրութի, Այն Թինէի, Ռապիէի, Մեհրապի Եւ Մուխթարայի Միջեւ

October 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_future_meeting_101816

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընթացիկ նիստին, որուն աւարտին կոչ ուղղուեցաւ երկրին սահմանադրութեան եւ անոր գործադրութեան յանձնառու մնալու համաձայն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Մինչ Հարիրի կը նախագահէր Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Մինչ այդ, Խալիլ կէսօրին խորհրդարանէն յայտարարած էր, թէ պարզ այցելութեամբ մը կարելի չէ զօր. Աունի հետ հարցը լուծել: «Իսկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին ընթացքին օրինաթիւ գոյանալու պարագային մենք զօր. Աունի թեկնածութեան դէմ պիտի քուէարկենք եւ պիտի դառնանք ընդդիմութիւն, հակառակ անոր որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի շնորհաւորէ զայն», ըսաւ Խալիլ:

Ան նշեց, որ իրենք կը զգան, թէ կը գտնուին սիւննի-քրիստոնեայ զոյգի մը դիմաց, ինչ որ էր պարագան 1943-ին:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին, Հարիրի ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը:

Նշենք, որ Հարիրի կէսօրէ առաջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին, ընկերակցութեամբ` նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Արայժի յայտնեց, որ այս հանդիպումը Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու համար է:

Հարիրիի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Այն Թինէ

Միւս կողմէ, երեկոյեան Այն Թինէ այցելեցին նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխան Ղազի Արիտի եւ Թայմուր Ժոմպլաթ, որոնք հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահին հետ` ներկայութեամբ նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ըստ երեւոյթին գարունը մօտ է»:

Հանդիպումէն ետք Արիտի պատուիրակութեան անունով յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները, յատկապէս Պըրրիի հետ, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանան կ՛ապրի դժուար եւ զգայուն օրեր ու ժամեր:

«Մենք քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակենք, որովհետեւ մեր կարծիքով` լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը հիմքն է եւ Լիբանանի համար աւելի լաւ է, որ համաձայնութիւն գոյանայ եւ համագործակցութիւն կատարուի, որովհետեւ երկիրը յաւելեալ տագնապներ չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ Արիտի:

Ան նշեց, որ իրենք կը հասկնան Պըրրիի կեցուածքը եւ կը սպասեն նորութիւններու` աւելցնելով, որ իրենք եւս դերակատարութիւն ունին երկրին քաղաքական կեանքին մէջ գործակցութեան եւ որոշումները տալուն առումով:

Արիտի իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ իրենց կարծիքը պիտի յայտարարեն յարմար պահուն:

Մեհրապ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ գործուղուած էր զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի:

Հանդիպումէն ետք Քանաան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ պլոքին յայտնած է, թէ նախագահական ընտրութեան համար պիտի առաջադրէ  Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում

համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով երաշխիքներ ստացած է` առանց նշելու այդ երաշխիքներուն բնոյթը:

«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի այսօր պաշտօնապէս զօրակցութիւն պիտի յայտնէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Նոյն կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն այսօր այցելէ Հարիրիի բնակարանը, ուր Հարիրի պաշտօնապէս պիտի որդեգրէ անոր թեկնածութիւնը:

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ . Ժահժահ Հայաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Ներառած Է Առաջնահերթութիւններու Շարքին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.