Լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց Ֆաթհ Շամի պատասխանատուներէն Ատնան Մոհամետ Սալիպին, որ ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչներէն մէկը կը նկատուի:
Բանակը Սալիպին փոխադրեց իր զօրանոցներէն մէկը` զայն հարցաքննելու նպատակով:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անցեալ շաբաթավերջին բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած` Այն Հելուէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիր Իմատ Եասին հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած է, թէ ինք սպաննած է չորս անձեր եւ մեղսակցած չորս այլ անձերու սպանութեան, Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գործած է հինգ պայթումներ, ինչպէս նաեւ հիմնած է «Օսպաթ մուհաժիրին ուալ անսար ֆի Պիլատ Շամ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ Ռաքքայի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի կազմակերպութեան կը պատկանի:
«Եասին ծրագրած էր բանակի զօրանոցներ եւ զէնքի պահեստանոցներ պայթեցնել, իր կազմակերպութեան եւ բանակին միջեւ զինեալ բախումներ ծայր առնելու պարագային: Ան պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը բաժնած էր զինուորական մասերու եւ իւրաքանչիւրին համար նշանակած էր էմիր մը: Ան որոշած էր նաեւ պայթումներ գործել հետեւեալ վայրերուն մէջ. Զահրանիի քարիւղի կայանը, Ժիէի ելեկտրակայանը, Ժատիտ պատկերասփիւռի կայանը, Ժունիէի շուկան, Նապաթիէի «Քէյ. Էֆ. Սի.» ճաշարանը եւ Քազինօ տիւ Լիպանի ճաշարանը: Այս բոլորին կողքին ան կը պատրաստէր լիբանանցի քաղաքական ականաւոր անձնաւորութեան մը ահաբեկման գործողութիւնը», նշուեցաւ բանակին հաղորդագրութեան մէջ:
ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ շէյխ Պասսամ Թարրասի հարցով Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա նախանցեալ օր որոշած էր Թարրասը երաշխագինով ազատ արձակել, սակայն Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր վերադատ ատեանէն պահանջած էր շէյխ Թարրասի թղթածրարը փոխանցել Զինուորական վճռաբեկ ատեան, որ իր կարգին որոշած էր Թարրասը արգելափակուած պահել:


