Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

October 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

papazian_101416

Ֆրանսայի ծերակոյտը երէկ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին 156 թեր եւ 146 դէմ քուէներով վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը լուրջ յաջողութիւն է:

«Ասիկա բաւական լուրջ յաջողութիւն մըն է, զգալի աշխատանք կատարուած է մեր կողմէ: Չմոռնանք, որ թուրքերը լուրջ լոպիինկ կատարեցին, սակայն Ծերակոյտը թեր քուէարկեց այն տարբերակին, որ ամրան քուէարկուած էր Ազգային ժողովին կողմէ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը վերջնական կերպով ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծը», ըսած է Փափազեան:

Անոր խօսքով` հաւանաբար թուրքերը պիտի գտնեն 60 երեսփոխաններ, որոնք պիտի աջակցին Թուրքիոյ, եւ հարցը պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին: Ատիկա կը նշանակէ, որ այդտեղ եւս օրինագիծը կրնայ քննարկուիլ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ազգային ժողովը յուլիսին միաձայնութեամբ որդեգրած էր «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծին փոփոխութիւնները, որով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցագործութիւնները, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:

Արձագանգներ

Ըստ Ֆրանսայի ծերակոյտի կայքին, Օ տը Սենը ներկայացնող համայնավար հանրապետականներու խմբակցութենէն ծերակուտական Պրիժիթ Կոնթիէ Մորեն յայտարարած է, որ Ֆրանսայի «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու միջոցով ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու հարցը կարելի եղած է դուրս բերել խօսքի ազատութեան առնչուող խնդիրներուն հետ բախումէն, որոնք փետրուար 2012-ին նշուած են Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:

«Այս նոր օրէնքը կոչուած է հանդարտեցնելու երբեմն մասնատուած հասարակութիւնը: Օրէնքի այս յօդուածը խորհրդարանին մէջ ընդունուած է միաձայնութեամբ, անիկա կ՛առնչուի ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն, որոնց կարգին` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, որ ճանչցուած է 2001»-ին», նշած է Պրիժիթ Կոնթիէ Մորեն:

Այս որոշումին մասին խօսելով` Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ ըսած է, որ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը տասը տարուան աշխատանքի արդիւնք է: Ան շեշտած է, որ 29 մայիս 1998-էն ի վեր, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունած է «1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ճանչնալու» վերաբերող սկզբունքը, աշխատանք տարուած է «մարդկային արժանապատուութեան այդ հարցին առնչութեամբ»: Պուայէ ներկայացուցած  է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ժխտման քրէականացման ուղղուած քայլերուն պատմութիւնը: «Մեր երկարատեւ աշխատանքը ի զուր չանցաւ: Ուրախ եւ հպարտ եմ տեսնելով, որ բազմաթիւ խորհրդարանականներու, միաւորումներու ու յայտնի իրաւաբաններու հետ ժխտողականութեան դէմ մեր պայքարը յստակ դարձած է շնորհիւ մեր պաշտօնակիցներուն, մասնաւորաբար ծերակուտականներ Ժան  Քլոտ Կոտենի եւ Պրունօ Կիյէի շնորհիւ», շեշտած է խորհրդարանականը:

 

 

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Սեղմ Կազմով Նիստ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռուս -Թուրք Մերձեցման Խաղեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.