Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արկածի Ենթարկուած Է Մոսկուա – Երեւան Պասը. Կայ 5 Զոհ, 27 Վիրաւոր

October 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

accident_101416

14 հոկտեմբերին`  Մոսկուայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը շուրջ 4:30-ին, Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ` Պեսլան քաղաքէն 6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, արկածի ենթարկուած է ոչ կանոնաւոր փոխադրութիւն կատարող Մոսկուա-Երեւան պասը:

Հայաստանի երթեւեկի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն, նախնական տուեալներով արկածին պատճառով կայ 5 զոհ, 27 վիրաւոր, որոնց մէջ կան երեխաներ: Պասին մէջ կային 52 ուղեւորներ:

Նախարարութիւնը արդէն յառաջացուցած է խումբ մը, որ կ՛ուսումնասիրէ դէպքին մանրամասնութիւններն ու հետեւանքները:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը իր կարգին փոխանցած է, որ, Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, Վլատիքաւքազ-Պեսլան շրջանցիկ մայրուղիի 8-րդ քիլոմեթրին «Մերսետես Պենզ-0404-15R» մակնիշի 50 AA 515 թիւով մարդատարը Մոսկուա-Երեւան փոխադրութիւն կատարելու ատեն բախած է «Սքանիա» մակնիշի բեռնատարին:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հրապարակած ցանկին համաձայն, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով Վլատիքաւքազի հանրապետական հիւանդանոց տեղափոխուած է 19 վիրաւոր` Գէորգեան Վ.Ա., Մովսէսեան Է.Է., Աղրամանեան Ն.Ս., Խաչատրեան Կ.Ս., Մկրտչեան Կ.Վ., Մարգորեան ԱՅ.Կ., Յարութիւնեան Ժ.Ն., Կարիպեան Մ.Վ., Բեկջոնեան Գ., Մարգորեան Ա.Մ., Պօղոսեան Լ.Ս., Գէորգեան Վ.ԱՅ., Աղրամանեան Վ.Ժ., Օհանեան ԱՅ.Ս., Սիմոնեան Ն.Տ., Ալեքսանեան ԱՅ.Ժ., Ալեքսանեան ԱՅ.Է., Աղրամանեան Ժ.Ռ., Ապրտեան Դ.Ա.: Մանկական հիւանդանոցը կը գտնուին Պալուխին Պ.Պ.` 15 տարեկան, Ռասամախին Ա.Է.` 16 տարեկան, Գալատով Ա.Ա.` 16 տարեկան, Լազուկին Ա.Ա.` 10 տարեկան: Շտապօգնութեան հիւանդանոց տեղափոխուած են Բաղդասարեան Գ. Կ., Սալենեան Ա. Ա.  եւ Աբրահամեան Ս. Կ.:

Ճշդուած է զոհուածներուն երկուքին ինքնութիւնը`  56-ամեայ Արեւիկ Յունանեան եւ 62-ամեայ Եուրա Պօղոսեան: Միւսները Ռուսիոյ քաղաքացիներ են:

Հայաստանի երթեւեկի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, պասին սեփականատէրը Կարէն Պօղոսեանն է:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով ցաւակցական ուղերձ յղած է, ինչպէս նաեւ յանձնարարութիւններ տուած է Հայաստանի պատկան մարմիններուն: Յանձնարարուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան` հրատապ միջոցներու ձեռնարկել տուժածներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ բժշկական ամբողջական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով: Միաժամանակ յանձնարարուած է միջոցներու ձեռնարկել զոհուածներուն եւ վիրաւորներուն ընտանիքներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հայաստանի իրաւասու մարմիններուն յանձնարարուած է ամէնէն արագ միջոցին Ռուսիոյ  իրաւապահ մարմիններուն հետ համագործակցելով, բացայայտել արկածին առնչուող հանգամանքները եւ պատճառները, ներկայացնել համապարփակ տեղեկատուութիւն:

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ արկածէն տուժած  26 քաղաքացիները յատուկ օդանաւով Հայաստան փոխադրուած են, եւ վիրաւորները տարուած են հիւանդանոց:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը Որդեգրելու Հարցով Հարիրի Տակաւին Լուռ Է, Իսկ Ազգային Ազատ Հոսանքը Դէպի Պաապտա Պիտի Քալէ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեկնաբանած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Վերաբերեալ Փութինի Օգնականին Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.